Ըստ Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերուն՝ գիշերը ռուսական զօրքերը հարուածած են Ուքրանիոյ տարածքը «Իսքանտեր-Մ» հրթիռով եւ 85 «Շահետ»-ով, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի ԱԹՍ-ներով։ Նախնական տուեալներով՝ ՀՕՊ-ը երկրի հիւսիսը եւ արեւելքը խոցած է 61 անօդաչու թռչող սարք։
«Գրանցուած են հրթիռներ եւ 24 անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք հարուածած են 12 վայր», — նշուած է Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու յայտարարութեան մէջ։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտնած է, որ երեք ժամուան ընթացքին՝ Մոսկուայի ժամով կէսգիշերէն մինչեւ առաւօտեան ժամը երեքը, Ռուսիոյ ՀՕՊ-ը որսացած եւ ոչնչացուցած է 29 ուքրանական անօդաչու թռչող սարք, որոնցմէ 10-ը՝ Ռոսթովի մարզին մէջ, 9-ը՝ Սթավրոփոլի երկրամասի տարածքին։