image

Air Canada-ի աշխատակիցները գործադուլ յայտարարած են

Air Canada-ի աշխատակիցները գործադուլ յայտարարած են

Գանատայի ամենամեծ օդանաւային ընկերութիւնը՝ Air Canada դադրեցուցած է թռիչքները՝ աշխատակիցներուն յայտարարած գործադուլի պատճառով․ աւելի քան 10,000 ուղեկցորդներ հրաժարած են աշխատելէ՝ կաթուածահար ընելով ուղեւորափոխադրումը ճանապարհորդական եղանակի ամենաթէժ շրջանին։ Այս մասին գրած է The Washington Post։

Վերջիններս բողոքած են վարձատրման կարգի դէմ, որուն համաձայն անոնք կը վճարուին միայն օդը գտնուող օդանաւին անցուցած ժամանակի համար, մինչդեռ ուղեկցորդները կը պնդեն, որ աշխատավարձը պէտք է ներառէ նաեւ այն ժամանակը, որ անոնք կը ծախսեն գետնին վրայ՝ սպասցնելու կամ՝ ուղեւորները օդանաւ նստեցնելու օգնելուն վրայ։