Ինչպիսի՞ն է Հալէպի վիճակը այսօր։ Հայկական թաղամասերու վիճակը ինչպիսի՞ն է, ի՞նչ են խնդիրները եւ ամենակարեւորը ինչքանո՞վ ճիշդ են Հալէպէն յաճախ լսուող «արտառոց» լուրերը։
Ի հարկէ կան բազմապիսի դժուարութիւններ, ու սակայն այս բոլորի կողքին հայութիւնը կը շարունակէ իր երթն ու կեանքը։ Կայ հաւաքական կեանք, իրար հետ ըլլալու, իրարու ձեռք մեկնելու դրուածք մը, որ պատերազէն առաջ ալ նուիրականացած էր hալէպահայերուն համար ու կարծէք այդ ոգիին շնորհիւ է, որ հայութիւնը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ իր ներկայութիւնը պահել-պահպանել Հալէպի մէջ։
«Արեւելք» զրուցած է hալէպահայ տիկնոջ մը հետ, որ ամենայն անկեղծութեամբ ներկայացուց երբեմնի երազային հանդիսացած «հայկական Հալէպ»ին մասին։ Իսկ անուան խորհրդապահութիւնը կը պահպանենք, բոլորիս համար յարգելի պատճառներով։
Մեր հայրենակցուհին կը պատմէ՝
«Մեր թաղամասերուն մէջ վիճակը ընդհանրապէս հանդարտ է, յարձակող չկայ, եւ ոչ ալ հարցնող թէ քրիստոնեա՞յ ես: Սուտեր կը տարածուին, կը խօսուի որոշակի նիւթերու մասին, որոնք պետութեան կողմէն չեն, ինչպէս օրինակ, տղոց երկար տաբատ հագնելու հարցը, իբրեւ թէ կարճը արգիլուած է: Այո պատահած են դէպքեր, անցեալները, խումբ մը հայ երիտասարդներ, կարճ տաբատ հագած, Հալէպի Ազիզիէի շրջանի ՀՄԸՄ-ի ակումբէն դուրս ելած ատեննին, ինչ որ մէկը մօտեցած է եւ ըսած՝ վաղը այսպէս մի հագնիք, երկար տաբատ հագէք։ Բայց ասիկա անհատական նախաձեռնութիւն է, պետական հանգամանք չունի: Այս անհատները, որոնք դուրսէն եկած են, չեն գիտեր նոյնիսկ հայ ի՞նչ կը նշանակէ կամ քրիստոնեան ո՞վ է, իրենք ալ չեն գիտեր, թէ ինչո՛ւ եկած են:
Ներկայիս այնքան վախ չենք ապրիր, ոմանք կը չափազանցեն, քրիստոնեաներուն նկատմամբ վատ խօսքեր չկան պետութեան կողմէ: Վերջերս հայ համայնքը պետութեան երկրորդ աստիճանի անձնաւորութեան մը հետ հանդիպում ունեցաւ մօտաւորապէս 2 ժամ եւ ան ըսաւ. «Դուք հայ էք, առանց ձեզի մեր կեանքը եւ քաղաքը չի շարունակուիր», մեր համայնքէն ներկայացուցիչներ՝ փաստաբաններ ու երկրաչափեր հարցեր պատրաստած էին եւ դիմեցին իրեն, ան շատ-շատ խոստումներ տուաւ, որոնցմէ որեւէ մէկը չիրականացաւ տակաւին, կ’երեւի ժամանակի կը կարօտի:
Մենք ներկայիս կը գանգատինք այն վիճակէն, որ պատերազմէն եւ ի մասնաւորի իշխանափոխութենէն ետք, մեր թաղամասերը սկսան մուտք գործել (իսլամներ-խմբ․), քրիստոնեաներուն թիւը նուազած է: Նոր եկողներուն արտաքին երեւոյթը քիչ մը խորթ է մեզի համար, դէմքերը անախորժ, օտար են: Զինեալներուն երեսը ծածկուած է, երկար մազով ու մօրուքով են, իւրաքանչիւր թաղամասի մէջ ծպտուած կեցած են: Դամասկոսի եկեղեցւոյ պայթումէն ետք, ամէն կիրակի եկեղեցիներուն առջեւ պահակներ կան, որպէսզի չկրկնուի այդ ցաւալի դէպքը:
Հայութեան թիւն ալ անշուշտ շատ նուազած է, անոնցմէ շատեր կ’ուզեն գաղթել, բայց պայմաններու բերումով չեն կրնար, ուրիշներ նիւթական կարողութիւն չունին, իսկ շատեր կան, որ ընդհանրապէս ցանկութիւն չունին ելլելու, նոյնիսկ Հայաստան մեկնելու: Հիմա ուղղակի վտանգ չի սպառնար մեզի, բայց կը վախնանք: Այստեղի ոչ ծայրայեղական իսլամները նոյնիսկ, որոնք լայնախոհ են եւ զարգացած, սկսած են վախնալ իրենց բնական կեանքը ապրելէ:
Օրերս, բժշկական հարցով մը հանդիպեցայ իսլամ երիտասարդ հիւանդապահի մը, որ հագած էր կարճ տաբատ, յիշելով մեր հայ տղոց պարագան հարցուցի եթէ իրե՞նց ալ որեւէ մէկը կ’ազդարարէ հագուածքի մասին, ան պատասխանեց` ո՞վ կը համարձակի, եւ պատմեց որ Հալէպի Մոկամպոյի շրջանին մէջ, որ կը համարուի իսլամական ոչ ծայրայեղական թաղամաս, անհատ մը մօտեցած է իսլամ գլխաբաց աղջկայ մը եւ ըսած գլխաշոր դիր, աղջիկը ինք ծեծած է մօտեցող մարդը:
Ես բոլորին պէս մտահոգ եմ մեր ապագայով, չեմ գիտեր ինչ կը սպասէ մեզի, տեղքայլի մէջ ենք, ամէն ինչ անորոշ է ու անհասկնալի: Կ’ենթադրեմ, որ հարց մը պիտի պայթի, բայց երբ եւ ինչպէ՞ս, չեմ գիտեր:»