image

«Խոնարհութեան Յաղթանակը» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

«Խոնարհութեան Յաղթանակը» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Եղէք ուրեմն կատարեալ՝ Աստուծոյ պատկերին նման:

Քրիստոնեայ կրօնքին մէջ, Խոնարհութեան առաքինութիւնը հաւատացեալին գոհարներէն գլխաւորներէն է: Անով հոգին կը բացայայտուի ու կը վերանալ: Խոնարհութիւնն ու ներումը կը ներկայացնեն քրիստոնէութիւնը ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ գործերով. ան կրօն մը չէ աշխարհական կանոնագիրի մը առումով, այլ ապրելակերպ մը՝ կիրառուած հաւատացեալներուն կողմէն եւ լի մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի մաքրութեամբ եւ անմեղութեամբ

Խոնարհութիւնը հզօր զէնք մըն է, որ կրնայ մէկու մը սիրտը փոխել, զայն լեցնելով փափկանկատութեամբ եւ ազնուութեամբ. ան ուժ մըն է, որ կրնայ կերպարանափոխել ամէն անձ՝ զայն դարձնելով առաքինի, օրհնեալ եւ բոլորեն սիրուած:«Թո՛ղ ձեր խօսքերը ըլլան մեղմ բայց սերտ որպէսզի իմանաք ինչպէս պատասխանել ամէնուն» կ'ըսէ Իմաստունը։

Երբ մեր բոլոր գործերը լի են խոնարհութեամբ, կամքով, ուրախութեամբ եւ բարեսրտութեամբ, դժուարութիւնը կ'անհետանայ եւ ձեր աշխատանքը կ'ըլլայ աւելի դիւրին եւ թեթեւ: Սակայն, երբ ձեր խօսքերը կարծր կը դառնան եւ ձեր պատասխանները՝ զեղուն գոռոզութեամբ, չէք հանդուրժեր ուրիշին ազդարարութիւնները եւ ժամանակ կը կորսնցնէք ամենահասարակ ինչքերու համար. ձեր հոգին կ'ըլլալ կսկիծով լեցուն եւ տխրութիւնը ձեզ կը տիրապետէ, ձեզ ընելով ծոյլ եւ զանցառու անձ մը: Պարզագոյն գործերը ձեզ կը թուին բեռ մը, եւ ուրիշները ձեզ կը համարեն իբրեւ վատ օրինակ։

Եթէ մէկը ձեզի խիստ խօսքեր ըսէ, մի՛ ընէք անոր նման այլ պատասխանեցէք համեստօրէն: Եւ եթէ նուրբ վերաբերումը ազդեցութիւն չունենայ իր զայրոյթին վրայ, անտեսեցէք զայն եւ ոեւէ գայթակղութիւն եւ սրտնեղութիւն ցոյց մի տաք: Ձեզ չի վայլեր բարեսրտութեան բոցը մարել քանի մը կաթիլ ջուրով : Մի մոռնաք ձեր անձը, ոճը մի բարձրացնէք այլ միշտ խաղաղ եղէք սրտով, հոգիով եւ խիղճով։ Ձեր հանդարտութիւնը մի կորսնցնէք անիմաստ պատմութիւններու համար, որոնք ձեզ աւելի կը վիրաւորեն քան կ'ուրախացնեն: Կրակին վրայ իւղ մի դնէք եւ ուրիշին յանդիմանութիւնը հանդարտիկ ընդունեցէք:

Թշնամին ամէն կարելին կ'ընէ երկպառակութիւն ցանելու ձեր եւ ձեր հարազատներուն միջեւ. մասնակից մի դառնար անոր դաւադրութեան՝ կացութիւնը թունաւորելով չար խօսքերով, այլ ետ դարձէք եւ վտարեցէք սատանան ձեր սրտէն: Մի արտօնէք որ գայթակղութիւնը ձեզ տիրապետէ եւ ձեր սրտին մէջ մնայ մինչեւ յաջորդ օրը: Մի դպնար գուրգուրանքին եւ լաւութեան, այլ հարցը լուծեցէք խոնարհութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Եթէ ձեր եղբայրը ձեզ վիրաւորէ ներեցէք անոր՝ նկարագրելով անոր արարքը որպէս թշնամիին ցանած երկպառակութիւնը ձեր երկուքին միջեւ: Յիշաչարութիւն մի ունենաք անոր հանդէպ եւ ոխի մասին մի մտածէր, այլ նկատեցէք զայն, որպէս ձեր անդամներէն մին. ոչ մէկ մարմնային անդամ մը ուրիշ անդամի վնաս կը հասցնէր։ Մարդս երբեք իր ակռաները չի խզեր երբ իր լեզուն կը խածնէ, կամ իր ոտքը կը յանդիմանէ երբ սայթաքի: Եթէ չէք ներեր ուրիշները երբ ձեզ կը վիրաւորեն, չէք կրնար ըսել Աստուծոյ, «Ներէ մեր յանցանքները ինչպէս մենք ալ ուրիշներուն կը ներենք»

Մի բերկրիք ուրիշին տկարութիւններով, նուաստացումներով, թերութիւնով կամ չարիքով որ անոր կը պատահի, այլ ձեր սրտերուն մէջ պահեցէք ամէն սէր եւ խաղաղութիւն բոլորին հանդէպ՝ ձեր բարեկամներուն եւ ձեր թշնամիներուն հաւասար օրէն. մի գործադրէք առածը՝ «աչք աչքի դէմ, ակռայ ակռայի դէմ», այլ ըմբռնեցէք հետեւեալը՝ «սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն եւ դաժանացնողներուն»: Այսպէս կ'ըլլաք Աստուծոյ զաւակները՝ բարի եւ հնազանդ: Տէրը ստեղծած է արեւը լաւերուն եւ չարերուն համար, եւ Ան անձրեւ կը պարգեւէ հաւասարապէս զոհերուն եւ դահիճներուն: Եթէ միայն սիրէիք ձեզ սիրողները, ի՞նչ արժանիք պիտի ունենայիք: Մեղաւորները կարողութիւն չո՞ւնին սիրելու Եթէ միայն ձեր սիրելիները ընդունէիք. ինչո՞վ աւելի շատ պիտի ըլլայիք ուրիշներէն: Նոյնիսկ մեղաւորները կարողութիւնը ունին սիրելու եւ սիրուելու: Եղէք ուրեմն կատարեալ՝ Աստուծոյ պատկերին նման:

 

Հայր Գէորգ Եպիս Աստատուրեան
Նիւթը՝ «Վատիկան Նիուզ»էն