image

Թրամփ յայտարարած է եռակողմ հանդիպման հաւանականութեան մասին

Թրամփ յայտարարած է  եռակողմ հանդիպման հաւանականութեան մասին

Միացեալ Նահանգներու առաջնորդ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է իր, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպման նախապատրաստման մեկնարկի մասին: 

«Այժմ անոնք կը պատրաստուին հանդիպում կազմակերպելու Զելենսքիի, նախագահ Փութինի եւ իմ միջեւ»,-ըսած է Թրամփը Fox News հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին՝ Ալասքայի մէջ կայացած գագաթնաժողովի արդիւնքներու մասին:

«Խնդիրը այն չէ, որ ես կ՚ուզեմ այնտեղ ըլլալ, այլ կ՚ուզեմ վստահ ըլլալ, որ համաձայնութեան կը հասնին։ Եւ մենք ատոր համար լաւ հնարավորութիւն ունինք»,-նշած է Թրամփը։