Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ վճռորոշ դերը ներկայիս կը խաղայ Միացեալ Նահանգները, եւ ոչ թէ եւրոպացիները, եւ անոնք պէտք չէ գերագնահատեն իրենք իրենց: Այս մասին ըսած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց։
«Հիմա դժուար է, բայց բանակցութիւնները սկսած են։ Ատոնք պիտի շարունակուին երկուշաբթի օրը։ Եւ, ի հարկէ, եւրոպացիները որոշակի դեր պիտի խաղան այս հարցով, բայց մենք նոյնպէս պէտք չէ գերագնահատենք մենք զմեզ։ Եւրոպայի միասնութիւնը կարեւոր է, բայց այս պատերազմին մէջ վճռորոշ դերը դեռ կը խաղայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները», - ըսած է ան ZDF-ին տուած հարցազրոյցին։