image

Հնչակեան կուսակցութիւնը երբէք չէ եղած անձի կուսակցութիւն.«Արեւելք»ին ըսաւ Յակոբ Տիգրանեան

Հնչակեան   կուսակցութիւնը   երբէք չէ  եղած  անձի  կուսակցութիւն.«Արեւելք»ին ըսաւ Յակոբ Տիգրանեան

«Հնչակեան կուսակցութիւնը երբէք չէ եղած անձի կուսակցութիւն»,-«Արեւելք»ին ըսաւ  ՍԴՀԿ  Կեդրոնական Վարչութեան  նախկին ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան:  Տիգրանեան, որ  անցնող շաբաթներուն  հրաժարեցաւ իր  պաշտօնէն,  նշեց, որ  «այդքան ալ էական չէ, թէ ով կը զբաղեցնէ  կուսակցութեան ատենապետի պաշտօնը: Էականը հաւաքական աշխատանքն է, որը ատենապետի փոփոխութեամբ նոյնպէս   կը  շարունակուի: Մեր մօտ ատենապետի պաշտօնը յաւելեալ պարտականութիւն մըն է եւ ոչ թէ՝ քմահաճոյք»:  Տիգրանեան  նաեւ ըսաւ, թէ  դիւանի փոփոխութիւնը անձնական ցանկութեամբ էր, որ տեղի ունեցաւ եւ իրեն մօտիկ ընկերներ, մի քանի ամիս  առաջ արդէն  տեղեակ էին  իր  նպատակներուն մասին: «Ես հպարտ եմ,  որ ինձ պատիւը տրուեաւ առաջնորդելու ՍԴՀԿ-ն 2,5 տարի: Եւ ուրախ եմ, որ եղաւ դրական եւ կառուցողական ժամանակաշրջան մը, ուր յաջողութիւնները   ամրագրուած  պիտի մնան»: Ան նոյնպէս շնորահաւորեց  կուսակցութեան ղեկը  ստանձնած Համբիկ Սարաֆեանը, իր ատենապետի պաշտօնին   ընտրութեան  առթիւ  «մաղթելով  անոր   կանաչ ճանապարհ եւ բեղուն գործունէութիւն»: Տիգրանեան  նոյնպէս  շնորհակալութիւն յայտնեց «բոլոր այն ընկերներուն, որոնք հաւատացին եւ  ամբողջ 2,5 տարի  նեցուկ եղան ինծի ՝ յանուն գործի յաջողութեան»:

Նշենք, որ  այսօր  հրապարակուած  հաղորդագրութեամբ մը ՍԴՀԿ-ը  յայտնած էր  Համբիկ Սարաֆեանի կուսակցութեան  Կեդրոնական  Վարչութեան  ատենապետի  պաշտօնը  ստանձնելուն մասին: