Ատրպէյճանի «Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ կը պոյքոթէ սեպտեմբեր 1-ին կայանալիք խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւնը: Նման որոշում կայացուցած է կուսակցութեան Գերագոյն խորհուրդը։
«Հաշուի առնելով, որ մինչ օրս ազատ չեն արձակուած աւելի քան 300 քաղբանտարկեալները, արգիլուած է հաւաքներու ազատութիւնը, ընտրական յանձնաժողովները կը գտնուին իշխանութիւններու լիակատար վերահսկողութեան ներքոյ, անհնար է քուէարկութեան ընթացքի եւ ձայներու հաշուարկի վերահսկողութիւնը, ազատ մամուլը ոչնչացուած է, տեղական անկախ դիտորդներուն չի թոյլատրուիր հետեւիլ ընտրութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ կը բացակայի մրցակցային ու արդար ընտրական միջավայրը՝ 2024 թուականի սեպտեմբեր 1-ին նշանակուած Միլի Մեճլիսի արտահերթ ընտրութիւնը կը պոյքոթենք»,-ըսուած է կուսակցութեան Գերագոյն ժողովի որոշման մէջ։
Ատրպէյճանի մէջ յուլիս 13-էն մեկնարկած է խորհրդարանի արտահերթ ընտրութեան մէջ թեկնածուներու գրանցման համար փաստաթուղթերու ընդունումը, գործընթացը պիտի շարունակուի մինչեւ օգոստոս 2-ը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալով՝ արդէն գրանցուած է 401 թեկնածու: