«Հնչակեան կուսակցութիւնը երբէք չէ եղած անձի կուսակցութիւն»,-«Արեւելք»ին ըսաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան: Տիգրանեան, որ անցնող շաբաթներուն հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, նշեց, որ «այդքան ալ էական չէ, թէ ով կը զբաղեցնէ կուսակցութեան ատենապետի պաշտօնը: Էականը հաւաքական աշխատանքն է, որը ատենապետի փոփոխութեամբ նոյնպէս կը շարունակուի: Մեր մօտ ատենապետի պաշտօնը յաւելեալ պարտականութիւն մըն է եւ ոչ թէ՝ քմահաճոյք»: Տիգրանեան նաեւ ըսաւ, թէ դիւանի փոփոխութիւնը անձնական ցանկութեամբ էր, որ տեղի ունեցաւ եւ իրեն մօտիկ ընկերներ, մի քանի ամիս առաջ արդէն տեղեակ էին իր նպատակներուն մասին: «Ես հպարտ եմ, որ ինձ պատիւը տրուեաւ առաջնորդելու ՍԴՀԿ-ն 2,5 տարի: Եւ ուրախ եմ, որ եղաւ դրական եւ կառուցողական ժամանակաշրջան մը, ուր յաջողութիւնները ամրագրուած պիտի մնան»: Ան նոյնպէս շնորահաւորեց կուսակցութեան ղեկը ստանձնած Համբիկ Սարաֆեանը, իր ատենապետի պաշտօնին ընտրութեան առթիւ «մաղթելով անոր կանաչ ճանապարհ եւ բեղուն գործունէութիւն»: Տիգրանեան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց «բոլոր այն ընկերներուն, որոնք հաւատացին եւ ամբողջ 2,5 տարի նեցուկ եղան ինծի ՝ յանուն գործի յաջողութեան»:
Նշենք, որ այսօր հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը ՍԴՀԿ-ը յայտնած էր Համբիկ Սարաֆեանի կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը ստանձնելուն մասին: