image

Հիւսիսային Քորէան միջմայրցամաքային պալիսթեան հրթիռ արձակած է

Հիւսիսային Քորէան միջմայրցամաքային պալիսթեան հրթիռ արձակած է

Հիւսիսային Քորէան միջմայրցամաքային պալիսթեան հրթիռ արձակած է, այն թռիչքի մէջ եղած է 73 վայրկեան, յայտարարած է Ճափոնիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Սինկօ Միյաքէն, գրած է vedomosti.ru-ն։

Անոր խօսքով՝ այս ընթացքին հրթիռը 6 հազար քիլոմեթր թռիչքի առաւելագոյն բարձրութեան վրայ անցած է 1 հազար քիլոմեթր տարածութիւն։ Սովորական հետագիծով արձակուելու ժամանակ անոր հեռահարութիւնը կրնայ գերազանցել 15 հազար քիլոմեթրը, այսինքն՝ ծածկել Միացեալ Նահանգներու ողջ տարածքը։

Մօտ մէկ օր առաջ Փհէնեանը եւս հրթիռ արձակած էր, որ անցած էր մօտ 400 քիլոմեթր եւ ինկած Ճափոնական ծովը։