image

Փենթակոնէն նոր նեցուկ՝ Քիեւին

Փենթակոնէն նոր նեցուկ՝ Քիեւին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Քիեւին անվտանգութեան ոլորտին մէջ աջակցութեան 425 միլիոն տոլարի փաթեթի մասին։ Փենթակոնի հաղորդագրութեան համաձայն՝ այն նախատեսուած է Ուքրանիոյ կարեւորագոյն կարիքները հոգալու համար: 

Փաթեթը կը ներառէ Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) կլանիչներ, հրթիռային համակարգերու եւ հրետանիի համար զինամթերք, զրահ, հակահրասայլային զէնք: Ուկքրանիոյ զինուած ուժերուն պիտի փոխանցուին նաեւ բժշկական սարքաւորումներ:

«Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխատիլ շուրջ 50 դաշնակիցի եւ գործընկերոջ հետ՝ բաւարարելու Ուքրանիոյ ռազմական պահանջները եւ օգնելու պաշտպանուելու ռուսական յարձակողականէն»,- նշած են Փենթակոնէն: 

Associated Press-ը գրած է, որ այս յատկացումը տեղի կ'ունենայ  այն լուրերու ֆոնին, որ Հիւսիսային Քորէան զօրք տրամադրած է Ռուսիոյ՝ ուքրանական ուժերուն դէմ պայքարելու համար: