image

Գահիրէ. Յովհաննէս Եսայի Փանոսեանի մահը

Գահիրէ. Յովհաննէս Եսայի Փանոսեանի մահը

Մերձաւոր Արեւելքի տխուր վիճակը նաեւ իրւ ստուերը կը նետէ հայութեան տարբեր բաղկացուցիչներուն վրայ։ Պէյրութի անմխիթար վիճակը մեր երիտասարդներէն շատերը կը մղէ դէպի աւելի ապահով համարուած վայրեր, ուր, յանուն ասպարէզի ու աշխատանքի, անոնցմէ շատեր, ապրուած դառն կեանքի եւ մեծ ճնշումներու (սթրէս) հետեւանքով անժամանակ կը հեռանան այս կեանքէն։

Այդպիսին է Յովհաննէս Եսայի Փանոսեանի պատմութիւնը, որ օրեր առաջ առ յաւէտ հեռացաւ՝ սուգի ալիք մը տարածելով իր հարազատներու եւ զինք սիրողներու շրջանակներուն մէջ։

 

Օրերս Գահիրէի մէջ, յետ սրտային անհանգստութեան, իր մահկանացուն կնքած է բնիկ լիբանանահայ Յովհաննէս Եսայի Փանոսեանը։

Իր աչքերը Լիբանանի մէջ բացած հայորդին երկրին մէջ տիրող տնտեսական բարդ պայմաններուն հետեւանքով ստիպուած էր մեկնիլ Գահիրէ, Եգիպտոս, ուր ամբողջութեամբ նուիրուած էր ոսկերչական ասպարէզին։ Ան, աւելի քան քսան տարի, որպէս ոսկերիչ աշխատելէ ետք կարողացած էր ստեղծել բարեկեցիկ կեանք մը։

Ցաւալիօրէն սակայն ան ունեցած էր սրտի անհանգստութիւն, որուն հետեւանքով ալ անակնկալ մահով կը հեռանար երկրային իր կեանքէն։ Ամենացաւոտ երեսակը այս պատումին հանգուցեալի՝ Պէյրութ  տարուիլն էր, որ եղած էր բաւական դժուարին ու ծանր պայմաններու տակ (չմոռնանք, որ Պէյրութի   մէկ հատուածը  վերածուած է պատերազմի դաշտի)։

Անոր հարազատները բոլոր տեսակի դժուարութիւնները աչքի առնելով՝ մեկնած էին օդակայան ու մարմինը ստանձնելէ ետք փոխադրած համապատասխան վայր։

Ապա, հարազատներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցած էր հայորդիի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը։

Այս առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր զարմիկին՝ Սեւակ Փանոսեանին։