image

Ամերիկայի քաղաքացին լրտես՝ ռուսներու հաշուոյն

Ամերիկայի քաղաքացին լրտես՝ ռուսներու հաշուոյն

Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կողմէ վերահսկուող տարածքէն դուրս հանուած է ամերիկացի Տանիէլ Մարթինտէյլ, որ օգնած է ռուսական զինուժին, «Ռիա Նովոսթի»-ին յայտնած են երկրի ուժային կառոյցներէն՝ նշելով, որ ան 27 հոկտեմբերին դուրս հանուած է։

«Տոնեցքի մօտ մարտական առաջադրանք կատարող ռուս զինուորականները մարտական գոտիէն դուրս հանած են Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Տանիէլ Մարթինտէյլ եւ զայն տարած Տոնեցք»,- յայտնած են լրատուամիջոցին։

Նշուած է, որ ամերիկացին ուքրանական կողմը գտնուած է 11 փետրուար, 2022-էն եւ իր իսկ նախաձեռնութեամբ կապ հաստատած է ռուսական ուժային կառոյցներուն հետ՝ 2 տարի շարունակ անոնց տրամադրելով Ուքրանիոյ ռազմական կառոյցներու չափագրումները։ Ամերիկացիի հաղորդած տուալներն օգտակար եղած են ռուսական կողմի համար՝ թիրախաւորուած հարուածներ հասցնելու ուքրանական ռազմական ենթակառուցուածքներուն, զինատեսակներուն, կենդանի ուժին։

Ռազմական գօտիէն 27 հոկտեմբերին դուրս հանուած ամերիկացին Տոնեցքէն տեղափոխուած է Մոսկուա, այժմ կը գտնուի այնտեղ ու նոյնիսկ հասցուցած է մամուլի ասուլիս տալ ռուսական լրատուամիջոցներուն։

Ասուլիսի ժամանակ ան, մասնաւորապէս ըսած է, որ Մոսկուա տեղափոխուիլը իր ցանկութիւնը եղած է, իսկ մինչ այդ կատարած գործողութիւնները՝  սեփական նախաձեռնութիւնը։ Ան մանրամասնած է նաեւ, որ 2022-ին Ուքրանիա եկած է Լեհաստանէն, ուր միսիօնար էր։