image

Ամերիկեան կործանիչներ Եւրոպայի մէջ պիտի մասնակցին ռազմափորձերուն

Ամերիկեան կործանիչներ Եւրոպայի մէջ պիտի մասնակցին ռազմափորձերուն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առաջիկա օրերուն ռազմավարական ռմբակոծիչներ պիտի տեղակայէ Եւրոպայի մէջ՝ ՆԱԹՕ-ի գործընկերներու հետ համատեղ գործողութիւններ իրականացնելու համար։  Այդ մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու եւրոպական հրամանատարութենէն։

«Կ'ակնկալուի, որ ռմբակոծիչներու աշխատանքային խումբի տեղակայումը Եւրոպայի մէջ սկսի մօտ օրերս»,- ըսուած է հրամանատարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ռազմաօդային ուժերու ռմբակոծիչները Միացեալ Նահանգներէն պիտի փոխադրուին եւրոպական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան տակ։

Քանի մը շաբաթ շարունակ ամերիկեան ռմբակոծիչներու անձնակազմերը պիտի մարզուին եւ գործողութիւններ կատարեն դաշնակիցներու եւ ՆԱԹՕ-ի գործընկերներուն հետ։