image

Փարիզի մէջ. Վերջին հրաժեշտ՝ Կարպիս Ափրիկեանին

Փարիզի մէջ. Վերջին հրաժեշտ՝ Կարպիս Ափրիկեանին

Օրերս, Փա­­րիզի Ս. Յով­­հաննէս-Մկրտիչ մայր տա­­ճարին մէջ տեղի ունեցած է վեր­­ջին հրա­­ժեշ­­տի արա­­րողու­­թիւնը՝ վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի, որ իր մահ­­կա­­­նացուն կնքած էր Հոկ­­տեմբեր 15-ին, 98 տա­­րեկա­­նին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Շաբաթ, Հոկ­տեմ­բեր 26-ին, Փա­­րիզի Ս. Յով­­հաննէս-Մկրտիչ մայր տա­­ճարին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ վեր­­ջին հրա­­ժեշ­­տի յու­­զիչ արա­­րողու­­թիւնը երաժշտա­գէտ, յօ­րինող, յի­սուն տա­րի «Սի­փան-Կո­միտաս» երգչա­խումբի խմբա­վարու­թիւնը ստանձնած, անու­նը այդ երգչա­խումբին հետ զօ­դուած մաէս­թրօ Կար­­պիս Ափ­­րի­­­կեանի, որ իր մահ­­կա­­­նացուն կնքած էր Հոկ­­տեմբեր 15-ին, 98 տա­­րեկա­­նին։

Եկե­­ղեցին ծայ­­րէ-ծայր լե­­ցու­­ցած բազմութեան մաս կը կազ­­մէին բա­­ցի հան­­գուց­եալին հա­­րազատ­­նե­­­րէն՝ Փա­­րիզի փոխ­­քա­­­ղաքա­­պետ Առ­­նօ Նկա­­չա, Հա­­յաս­­տա­­­նի դես­­պան տի­­կին Յաս­­միկ Տոլ­­մա­­­ջեան, Ար­­ցա­­­խի ներ­­կա­­­յա­ցու­­ցիչ Յով­­հաննէս Գէոր­­գեան, գե­­ղարուես­­տա­­­կան, քա­­ղաքա­­կան եւ լրա­­տուա­­կան աշ­­խարհի բազ­­մա­­­թիւ անձնա­­ւորու­­թիւններ՝ հայ եւ ոչ հայ, ինչպէս նաեւ ար­­ժա­­­նաշատ խմբա­­վար ու երա­­ժիշ­­տին իրենց յար­­գանքի վեր­­ջին տուրքը մա­­տու­­ցե­­­լու փու­­թա­­­ցած հայ հա­­մայնքի մեծ թի­­ւով ան­­դամներ: Յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան արա­­րողու­­թեան աւար­­տին ար­­տա­­­սանուեցան դամ­­բա­­­նական­­ներ, որոնցմէ Կար­­պիս Ափ­­րի­­­կեանի որ­­դի­­­ներէն Կո­­րիւ­­նի՝ իր «առիւծ» հօր յղած խօս­քը յատ­­կա­­­պէս սրտա­շարժ էր։