image

Կապոյտ Ժապաւէն…խրատներ ու մեղադրանք

Կապոյտ Ժապաւէն…խրատներ ու մեղադրանք

Այսօր այս կապոյտ ժապաւէնով եկէ՛ք վերատեսութեան ենթարկենք մեր վարմունքը, հարցերը դատելու ոճը, մենք մեզի արտօնած համարձակութիւնը՝ խրատելու, մեղադրելու յանդիմանելու...: Բոլորս պարտաւոր ենք մեր կեցուածքը եւ խօսքերը կշռելու, յատկապէս, երբ մեր դիմացը կը գտնուին անողորմ հիւանդութեան խաչափայտը շալկած անմեղ «դատապարտեալներ»: Թող այս կապոյտ ժապաւէնը ծառայէ, որպէս բուժող վիրակապ այն վէրքերուն, որոնք կ՚արիւնահոսին քաղցկեղին քարքարոտ ճանապարհին վրայ։

 

Երբ Նոյեմբեր ամիսը  կը գունազարդէ բնութիւնը, աշնանային կարմրերանգ տերեւներով, չի մոռնար նաեւ իր հետ բերելու երկնային կապոյտով դրոշմուած ժապաւէնը։ Ժապաւէն մը, որ կը խորհրդանշէ աջակցութիւն, հոգածութիւն եւ սէր (support, care and love) շագանակագեղձի քաղցկեղով (prostate cancer) տառապողներուն։

Այս կապոյտ ժապաւէնը, նաեւ զգաստութեան պատգամ կը յղէ ( awareness of prostate cancer) եւ կը թելադրէ այր մարդոց՝  բժշկական, հետեւողական քննութիւններ կատարելու, որպէսզի վերոնշեալ  քաղցկեղին կանխայայտումով, կարելի ըլլայ արագ դարմանումը եւ ամբողջական ապաքինումը:

Ես բժշկուհի չեմ, ոչ ալ ինքզինքիս  իրաւասութիւնը  կու տամ  այս հիւանդութեան մանրամասնութիւններուն մասին խօսելու, հակառակ որ այս հիւանդութեան վերաբերեալ շատ գիտելիք ամբարած եմ ...։ Հոս միայն կ՚արժէ նշել, որ այսօր շատ նորութիւններ կան վերոյիշեալ  քաղցկեղի բուժման եղանակին մէջ, ուր կը կիրարկուին  արդի, հեշտ եւ ճշգրիտ միջոցառումներ…, հետեւաբար պէտք է անտեսել անցեալէն հասած, կամ դրացիներէն փոխ առնուած «գիտելիքները»:

Անողոք ճակատագիրի բերումով, կեանքիս մէկ չորրորդ հատուածը անցուցած եմ քաղցկեղի հիւանդութիւնով տառապող սիրելիներուս կողքին…։ Վեց տարի մօրս հետ, երբ տակաւին պատանուհի էի, իսկ ինը տարի ամուսինիս հետ, երբ արդէն հասուն կին էի։ Շատ դժուար է դառն փորձառութիւնները վերապրիլը եւ անոնց մասին գրելը։ Կը նմանի վէրքին վրայի կեղեւը փրցնելուն եւ զայն բաց ձգելուն, որպէսզի նորից նոր արիւնահոսի...: Հետեւաբար պիտի խուսափիմ  իմ սիրելի ամուսնոյս ապրած իննամեայ «ոդիսականը» նկարագրելէ, նախ խնայելով ինքզինքս, ապա՝ ընթերցողներս։

Այսօր կապոյտ ժապաւէնը պիտի օգտագործածեմ արծարծելու շատ նուրբ եւ կարեւոր հարցեր, որոնք կրնան շատերուն համար անկարեւոր, կամ անհեթեթ թուիլ, բայց հաւատացէք, որ հիւանդին ու անոր ընտանիքին անդամներուն համար շատ զգայուն եւ ցաւ պատճառող նիւթեր են: 

Քաղցկեղը գլունկի հարուածի նման չսպասուած մէկ վարկեանին  կը յայտնուի ու կը ցնցէ անհատին էութիւնը, խաղաղութիւնը, աշխարհը…։ Մասնագէտներու կողմէն այլազան բուժման եղանակներ  կ՚առաջարկուին, որոնցմէ ամէն մէկը ունի իր անպատեհութիւնները եւ կողմնակի ազդեցութիւնները։ Բժիշկին եւ հիւանդին կը մնայ ընտրելու լաւագոյնը կամ «չարեաց փոքրագոյնը»։

Հոս է, որ կը յայտնուին ցաւ պատճառողները՝ ԽՐԱՏԱՏՈՒՆԵՐԸ։ Ասոնք անհատներ են, որոնք մեծ համարձակութեամբ եւ անհիմն գիտելիքներով «զինուած» հրապարակ կ՚իջնեն եւ աջ ու ահեակ խրատներ կը բաժնեն: Ամենայն յամառութեամբ կը փորձեն պարտադրել իրենց համոզումները, նախապաշարումները...կարծես, թէ քանի մը Տօքթորական (PHD) պաշտպանած են տուեալ քաղցկեղին ու բուժման միջոցներուն վերաբերեալ։

Պէյրութի Յունական հիւանդանոցէն (Saint George hospital) դուրս կ՚ելլեմ, աշխարհը մթագնած է աչքերուս դիմաց եւ լլկող յուսահատութիւնը պատած է հոգիս։ Մտասեւեռումս ամուսնոյս վիրաբուժական գործողութեան համար դժուար ճարուող (A- ) արիւն ապահովելն է։ Խիստ մտահոգ եմ օրէ օր անոր նահանջող առողջութեամբ, տարալուծարանային անհանգստացնող արդիւնքներով եւ դիմացս ծառացող «սեւ ուրուականով»...:

Յանկարծ դէմս կ՚ելլէ Մարօն, ան խիստ դէմքով կը դիմաւորէ զիս եւ կէս բերան բարեւելէ ետք, յանդիմանական ոճով «կրակ» կը տեղացնէ վրաս: Կ՚այպանէ զիս, որ ամուսնոյս քիմիական բուժման (chemotherapy) կ՚ենթարկեմ եւ անխղճօրէն կ՚արտօնեմ թոյներու ներարկումը անոր մարմինին մէջ: Կը հաստատէ իր խիստ մտահոգութիւնը ԻՐ սիրելի բժիշկին հանդէպ եւ ինծի կը յանձնարարէ «արապի բժիշկ»ի մը անունը, որպէս  քացկեղի ամենափրկիչը...:

Լեզուս կը կլլեմ, կը նախընտրեմ լուռ մնալ, թէեւ ես այդ յանձնարարած  բժիշկին՝ խաբեբային, մասին լսած եմ։ Ան ոչ մէկ կապ ունի ուռուցքաբանութեան ( oncology) հետ։ Անոր նշանակած  դեղափոշիներուն անուններն ալ գիտեմ...առաւել իր զոհերէն մին մօտէն ճանչնած եմ:

Իրիկունը բարեկամ մը կ՚այցելէ մեր տունը, այս ալ «ելոյթ կ՚ունենայ», ոչ շատ տարբեր Մարոյէն: Ինքզինքին իրաւունք կու տայ  բարձրաձայն յանդիմանելու մեզի …: Ա՛յս «փրոֆեսորն» ալ խիստ դէմ է քիմիական դեղերու ներարկումին  եւ կը յաւակնի  քանի մը «բուժման միջոցներ» յանձնարարել, որոնք իւրացուցած է անվստահելի հարթակներէ, կայք էջերէ ...եւ վերջապէս կը քէննայ ու կ՚անհետանայ:

Եւ այսպէս խրատատուներու փաղանգէն մէկը պտուղ մը կը յանձնարարէ, հաստատելով, որ այդ «եդեմական պտուղը»  տասը հազար անգամ աւելի ազդու է, քան  քաղցկեղի բոլոր ընթացիկ դեղերը։ Միւսը կիտրոնի հիւթը կը գովերգէ, ուրիշ մը մանիշակագոյն բանջարեղէն մը կը նշանակէ, կորիզ մը, սեւ գնդիկ մը… մոռնալով, որ խնդրոյ անհատը բժիշկ մըն է եւ ան գիտէ առողջ սննդականոնի դրական ազդեցութիւնը մարմնի վրայ, նոյնպէս քաջատեղեակ է իր դիմագրաւած հիւանդութեան մանրամասնութիւններուն,ընթացքին, աստիճանին...եւ վերջ ի վերջոյ բուժման ձեւը իր արդար ընտրութիւնն է:

Կան այլ «յարգելիներ», որոնք փոխանակ գնահատելու ընտանիքին անդամներուն նուիրումն ու պատրաստակամութիւնը՝ լաւագոյնս խնամելու իրենց սիրելիին, կը համարձակին ըսել. « Ինչո՞ւ խնամող մը չէք բերեր, մէկը բերէ՛ք թող նայի...»: Հաւատացէք, որ միմիայն կը ցաւցնէք այսպիսի անխոհեմ արտայայտութիւններով։ Խնամելու ոճը կ՚որոշեն հիւանդին կողակիցն ու զաւակները: Անոնք իրենց սիրելիին տարրական պէտքերը հոգալէ անդին՝ անհրաժեշտ կը նկատեն յարգել հիւանդին ԵՍ-ը, փափկանկատութեանբ  մօտենալ անոր նահանջող կարողութիւններուն, մշտական ներկայութիւն ըլլալ հիւանդին կողքին՝ ամոքելու անոր մարմնական ցաւերն ու ալեկոծ ներաշխարհը…։ 

 

Հիւանդս իր վերջին օրերը կ՚ապրէր, անտանելի ցաւերով կը տառապէր, ամբողջ մարմինը հեղուկ կուտակուած ու այտուցուած էր։ Հնարաւոր չէր զինք երկու վարկեանէն աւելի նոյն դիրքի վրայ պահելը (terminal restlessness), նոյնպէս տեղաշարաժելը ահռելի դժուար էր, չորսէն հինգ հոգի կը պահանջէր։ Ձեր պատկերացումին կը թողնեմ հիւանդին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն իրավիճակը…:

Յանկարծ բարեկամ մը կը հեռաձայնէ եւ կ՚ուզէ ամուսնոյս  այցելել։ Ներողամտութիւն հայցելով  կը նկարագրեմ հիւանդիս տառապալից վիճակը: Թէեւ այդ բարեկամին տասնեակ անգամներ ջերմօրէն հիւրընկալած եմ տանս մէջ, բայց այդ մէկ «աններելի» մերժումս խստօրէն մեղադրուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ մեր երկարամեայ «բարեկամութեան» խզումին:

Ահա օրինակ մը «Պիղատոսներէն», որոնք իրենց ձեռքերը կը լուան մեղադրանքի ու պատրուակներու թասին մէջ, որպէսզի հեռանան սգակիր ընտանիքէն եւ ինքզինքնին փրկեն «կարեկցելու» պարտաւորութենէն եւ լուծէն: 

Այսօր այս կապոյտ ժապաւէնով եկէ՛ք վերատեսութեան ենթարկենք մեր վարմունքը, հարցերը դատելու ոճը, մենք մեզի արտօնած համարձակութիւնը՝ խրատելու, մեղադրելու յանդիմանելու...: Բոլորս պարտաւոր ենք մեր կեցուածքը եւ խօսքերը կշռելու, յատկապէս, երբ մեր դիմացը կը գտնուին անողորմ հիւանդութեան խաչափայտը շալկած անմեղ «դատապարտեալներ»: Թող այս կապոյտ ժապաւէնը ծառայէ, որպէս բուժող վիրակապ այն վէրքերուն, որոնք կ՚արիւնահոսին քաղցկեղին քարքարոտ ճանապարհին վրայ։

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...