image

Հին Յունաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հիմքերը. Սոլոնի օրէնքները

Հին Յունաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հիմքերը. Սոլոնի օրէնքները

Սոլոն եղած է Հին Յունաստանի պետական ​​գործիչ, օրէնսդիր, քաղաքական փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ։ Ան Յունաստանի եօթ իմաստուններէն մէկն է եւ իրեն կը վերագրուի աթէնական ժողովրդավարութեան հիմքերը: Սոլոնի քաղաքական, տնտեսական եւ բարոյական անկման դէմ օրէնսդրութիւն հաստատելու ջանքերու շնորհիւ տեղի ունեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներ։

Սոլոն սերած է ազնուական, սակայն աղքատ ընտանիքէ։ Արիստոտէլի նման փիլիսոփաներ կը հաղորդեն, որ Սոլոն կը պատկանէր բնակչութեան միջին դասակարգին։ Արդէն երիտասարդ տարիքին Սոլոն կը զբաղէր առեւտուրով։

Ք.Ա. 594 թուականին Սոլոն ընտրուած է Աթէնքի արքոնտ (առաջնորդ)։ Պաշտօնը ստանձնելէ յետոյ ան հրաժարած է արքոնտներու աւանդական երդումէն, որով պիտի պահպանէր տիրող օրէնքները։

Ք.Ա. շուրջ 600 թուականին Աթէնք կը կռուէր Մեկարայի դէմ՝ Սալամիսը գրաւելու համար։ Սոլոն, որ առաջին անգամ հանդէս եկաւ հայրենասիրական խորհուրդներով, ընտրուցաւ անանուն արքոնտ։ Աւելի վերջ իր առջեւ ծառացաւ պարտքերու տակ գտնուող հողագործներու, ստրկութեան մէջ յայտնուած բանուորներու եւ պետական ​​կառավարման համակարգէն դուրս մնացած քաղաքացիներու վիճակը բարելաւելու դժուարին խնդիրը: Իր բարեփոխական զիջումներու եւ այլ օրէնքներու պատճառով ապագայ սերունդները զինք կ՚անուանէին՝ «Սոլոն օրէնսդիր»:

Ք.Ա. 8-րդ դարուն հարուստ հողագործներ սկսան արտահանել իրենց արտադրանքը՝ յատկապէս ձիթաիւղն ու գինին։ Շուկայի համար արտադրուած նման բոյսերը կը պահանջէին նախնական ներդրումներ: Աղքատ հողագործներ բերքի ընտրութեան աւելի սահմանափակ հնարաւորութիւն ունէին։

Երբ հողը կը գրաւադրուէր, հողի վրայ կը դրուէին հեքթեմորոիներ (քարէ ցուցանակներ)՝ նշելու համար պարտքի չափը: 7-րդ դարուն այս նշանները շատցած էին։ Ցորենի աղքատ հողագործները կորսնցուցած էին իրենց հողերը։ Աշխատողները ազատ մարդիկ էին, որոնց կը վճառուէին իրենց արտադրած ամէն ինչի մէկ վեցերորդը։ Այն տարիներուն, երբ բերքը վատ էր, այս աշխատավարձը բաւարար չէր գոյատեւելու համար։ Այդ իսկ պատճառով, աշխատողները կ՚օգտագործէին իրենց մարմինները որպէս գրաւ՝ իրենց գործատուներէն գումար ստանալու եւ իրենք իրենց ու ընտանիքները պահելու համար: Չափազանց բարձր պարտքի տոկոսները եւ արտադրութենէն քիչ գումար ստանալով ապրիլը անհնար կը դարձնէին իրենց ստացած պարտքը վերադարձնելը։ Ազատ մարդիկ այդ ժամանակ կը վաճառուէին ստրկութեան: Այն պահուն, երբ հաւանական կը թուէր ապստամբութիւն կամ բռնակալի իշխանութեան գլուխ գալը, աթէնացիներ Սոլոնը նշանակեցին միջնորդ՝ ժողովուրդի եւ իշխանութեան միջեւ։

 

Բարեփոխումներու հետ կապուած իր ձեռնարկած միջոցները չբաւարարեցին ո՛չ հողի վերաբաշխում փափաքող յեղափոխականները, ո՛չ ալ հողատէրերը, որոնք կ՚ուզէին, որ իրենց ամբողջ ունեցուածքը մնայ անձեռնմխելի։ Փոխարէնը ան յայտարարեց «seisachtheia» օրէնքը, որով չեղեալ համարուեցան մարդու ազատութիւնը արգիլող բոլոր պարտաւորութիւնները, ազատուեցան բոլոր պարտապանները գերութենէն, անօրինական դարձաւ պարտապանները ստրկացնելը։

«Քարէ ցուցանակները, որոնք կը շրջապատէին հողը, հանուեցան իմ կողմէ, այն երկիրը, որ ստրկութեան մէջ էր, այժմ ազատ է։ Անոնք, որոնք ստրկացած էին իրենց պարտքերու դիմաց, վերադարձուեցան այլ երկիրներէն, անոնք մինչ այժմ կը թափառէին. անոնք այնքան հեռու գացած էին, որ մոռցած էին իրենց մայրենի լեզուն։ Այստեղ ես ազատ արձակեցի քանի մը մարդիկ, որոնք ամօթալի գերութեան մէջ էին», կ՚ըսէ Սոլոն։

Թէեւ Սոլոնի օրէնքները կարծես թէ համակարգուած չեն, կը ներառեն քաղաքականութիւնը, կրօնը, հասարակական եւ անձնական կեանքը (ներառեալ ամուսնութիւնը, թաղումը, աղբիւրներու եւ ջրհորներու օգտագործումը), քաղաքացիական եւ քրէական կեանքը եւ առեւտուրը։

Պաշտօնավարութիւնը աւարտելէ յետոյ Սոլոն սկսաւ ճանապարհորդութեան՝ դէպի արեւելք։ Ճանապարհորդութիւնը տեւեց տասը տարի եւ այդ ընթացքին ան այցելեց Եգիպտոս, Կիպրոս եւ այլ երկիրներ։ Եգիպտոսի մէջ ան հանդիպեցաւ Ամասիս II փարաւոնին հետ, զրոյցներ ունեցաւ բազում մտաւորականներու եւ քաղաքականութեամբ զբաղող մարդոց հետ։ Կիպրոսոի մէջ զինք որպէս բարեկամ ընդունեց Սողոս Փիլոկիպրոս թագաւորը։ Այնտեղ ան խորհուրդները առաջարկեց նոր մայրաքաղաքի շինարարութեան վերաբերեալ եւ թագաւորը քաղաքին տուաւ Սոլի անունը։

Սոլոն Աթէնք վերադառնալէ յետոյ կը տեսնէ, թէ իր ստեղծած օրէնքները կը շարունակէին գործել եւ իր բացակայութեան ժամանակ այդ օրէնքները փոխելու կամ չեղարկելու որեւէ փորձ չէր կատարուած։

 

Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս