image

Ինչո՞ւ Հայաստանը դեռ Միջազգային քրէական դատարան հայց չէ ներկայացուցած Ատրպէյճանի դէմ. Կիրակոսեանի պարզաբանումը

Ինչո՞ւ Հայաստանը դեռ Միջազգային քրէական դատարան հայց չէ ներկայացուցած Ատրպէյճանի դէմ. Կիրակոսեանի պարզաբանումը

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան Sputnik Արմենիայի հարցումին ի պատասխան պարզաբանած է, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը մինչեւ հիմա չէ դիմած Միջազգային քրէական դատարան (ՄՔԴ)՝ չնայած, որ 1 փետրուարին վաւերացուցած է Հռոմի կանոնադրութիւնը։

Բանն այն է, որ ՀՀ իշխանութիւնները ՄՔԴ–ին անդամակցելու անհրաժեշտութիւնը բացատրած են այնպէս, որ նոր կարգավիճակով կրնան դատարանին առջեւ բարձրացնել Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի յարձակումի եւ ռազմական յանցագործութիւններու հարցը (ներառեալ՝ 2021–22 թուականներու ՀՀ տարածք ներխուժման ժամանակ)։

«ՀՀ կառավարութիւնը ներկայումս գտնուում է Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումից բխող անհրաժեշտ միջոցառումների իրականացման փուլում: Մշակուում է Միջազգային քրէական դատարանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան համագործակցութեան մասին օրէնքի նախագիծը»,– ըսուած է գրասենեակի պատասխանին մէջ:

Նման օրէնքի առկայութիւնը, ինչպէս նշուած է պատասխանին մէջ, անհրաժեշտ նախապայման է Միջազգային քրէական դատարանի հետ լիարժէք համագործակցութիւն ապահովելու, ներառեալ դատարանի իրաւասութեան վերաբերող իրավիճակները ներկայացնելու համար:

Յիշեցնենք, որ փետրուարին Կիրակոսեան յայտնած էր, որ Հայաստան արդէն ձեռնամուխ եղած է օրէնսդրութեան մշակման Հռոմի կանոնադրութեան անխափան կիրառումն ապահովելու համար։

Հայաստանը, վաւերացնելով Հռոմի կանոնադրութիւնը, 1 փետրուարէն ի վեր դարձած է ՄՔԴ-ի լիիրաւ անդամ։ Այդ քայլը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու որոշակի սառեցման յանգեցուցած է։