image

Լիբանանի մէջ. ՀՅԴ Կառոյցին կողմէ դատապարտում

Լիբանանի մէջ. ՀՅԴ Կառոյցին կողմէ դատապարտում

ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը ուղարկած է լիբանանեան լրատուամիջոցներուն.

«ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ լիբանանեան մամլոյ եւ լրագրութեան մեծ ընտանիքին, որ յանուն իրականութեան եւ ճշմարտութեան խօսքին հերոսներ կորսնցուց իսրայէլեան յարաճուն բարբարոսութեան դիմաց:

Այս հերոսները նահատակուեցան, որպէսզի ապրի Լիբանանը, հաւատալով, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձայները օր մը պիտի յաղթանակեն համաշխարհային ամօթալի լռութեան եւ ընկճուած ու անիրաւուած ժողովուրդներու հաշուոյն մեծ պետութիւններու դաւադրութիւններուն:

Աստուած հոգիները լուսաւորէ մեր արդար նահատակներուն»: