image

Հարիսը Թրամփէն առաջ է Փենսիլվանիա, Միշիկըն եւ Ուիսքընսին նահանգներուն մէջ

Հարիսը Թրամփէն առաջ է Փենսիլվանիա, Միշիկըն եւ Ուիսքընսին նահանգներուն մէջ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ընտրական վարկանիշը քիչ մը աւելի բարձր է, քան նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարկանիշը երեք նահանգներու մէջ, որոնք կրնան առանցքային դեր խաղալ նախագահական ընտրութիւններուն, հաղորդած է The Hill՝ վկայակոչելով Marist Poll-ի հոկտեմբերեան հարցաթղթիկի արդիւնքները:

Ընկերաբանները հոկտեմբեր 27-30-ին Միշիկընին մէջ հարցախոյզ կատարած են 1214 հաւանական ընտրողներուն համար, Փենսիլվանիոյ՝ 1,400-ի եւ Ուիսքընսին ՝ 1,330-ի:

Դեմոկրատաական Հարիս Միշիկըն նահանգին մէջ 3% տոկոսային կէտով կը գերազանցէ հանրապետական մրցակից Թրամփը, իսկ Փենսիլվանիոյ եւ Ուիսքընսին նահանգներուն մէջ՝ 2%-ով: Միշիկընի հարցուողներուն 51%-ն աջակցութիւն յայտնած է Հարիսին, 48%-ը՝ Թրամփին:

Marist Poll-ի սեպտեմբերեան հարցման համեմատ՝ Միշիկընի մէջ անոր դիրքերը թուլցած են. սեպտեմբերին ան 5 տոկոսային կէտով առաջ էր։ Փենսիլվանիոյ մէջ Հարիսի օգտին կ'ուզէ քուէարկել հարցուողներու 50 տոկոսը, Թրամփի օգտին՝ 48 տոկոսը:

Սեպտեմբերին երկու թեկնածուները հաւաքած են 49-ական տոկոս աջակցութիւն:

Ուիսքընսինին մէջ Հարիսի օգտին քուարկած է հարցուողներու 50 տոկոսը, Թրամփի օգտին՝ 48 տոկոսը: Սակայն սեպտեմբերին ան 1 տոկոսային կէտով առաջ անցած է մրցակիցէն։ Բացի այդ, այս նահանգներուն մէջ կանայք աւելի բուռն կ'աջակցին դեմոկրատական թեկնածուին:

Թրամփն իր հերթին աւելի շատ հաւանութիւն կը ստանայ տղամարդոցմէ։ The Hill նշած է, որ Հարիսին յատկապէս կարեւոր է աջակցութիւնը Փենսիլվանիոյ, Միշիկընի եւ Ուիսքընսին նահանգներուն մէջ, որոնք «կապոյտ պատի» մաս կը կազմեն (այսպէս կը կոչուին 18 նահանգը եւ Քոլոմպիոյ շրջանը, ուր դեմոկրատականները յաղթած են նախագահական ընտրութիւններուն 1992-2012 թուականներուն):