image

Պայտըն երկարաձգած է Իրանի դէմ առկայ պատիժները

Պայտըն երկարաձգած է Իրանի դէմ առկայ պատիժները

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երկարաձգած է Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։ Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ «Իրանի հետ յարաբերութիւնները դեռ չեն կարգաւորուած», եւ «19 յունուար, 1981-ի երկկողմ համաձայնագիրներու իրականացման գործընթացը կը շարունակուի»։

Խօսքն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ Ալճերիոյ համաձայնագիրներու մասին է։ Անոնք յանգեցուցած են ազատ արձակումին ամերիկացի դիւանագէտներու, որոնք 1979 թուականի յեղափոխութենէն յետոյ աւելի քան մէկ տարի որպէս պատանդ մնացին Թեհրան: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ, մասնաւորապէս, ամրագրուած է երկիրներու՝ իրարու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքը։

«Այդ իսկ պատճառով, 14  նոյեմբեր 1979-ին յայտարարուած ազգային արտակարգ դրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ արտակարգ դրութիւնը դիմակայելու համար այդ ժամանակ ընդունուած միջոցները պէտք է շարունակեն ուժի մէջ մնալ 14 նոյեմբեր 2024-էն յետոյ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։