Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը պաշտօնապէս ստանձնած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի տան վրայ անօդաչուով յարձակումը: Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի թելեկրամեան ալիքը:
«Իսլամական դիմադրութիւնն ամբողջութեամբ եւ բացառիկ պատասխանատւութիւն կը կրէ Կեսարիայի մէջ գործողութեան եւ ռազմական յանցագործ Նաթանիահուի տան վրայ յարձակման համար:
Մենք երբեք սպիտակ դրօշ պիտի չբարձրացնենք»,- Պէյրութի մէջ մամուլի ասուլիսին յայտարարած է «Հըզպալլա»-ի խօսնակ Մուհամետ Աֆիֆը:
Հոկտեմբեր 19-ին յայտարարուած էր Կեսարիայի մէջ Իսրայէլի վարչապետի առանձնատան վրայ անօդաչուով յարձակման մասին: Նաթանիահուն պնդած էր, որ զինք եւ իր կինը ուզած է սպանել Իրանը: Իսրայէլի հանրային հեռուստաալիքի հաղորդմամբ՝ անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է վարչապետի ննջասենեակի պատուհանը։