image

Տիրան Սարգիսեանի վաղաժամ կորուստը. Լիբանանահայ թատրոնը կորսնցուց իր նուիրեալ անուններէն մին

Տիրան Սարգիսեանի  վաղաժամ կորուստը. Լիբանանահայ թատրոնը կորսնցուց իր նուիրեալ անուններէն մին

 Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։

Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։ Օրերս իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ ազգային-մշակութային շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող դերասան Տիրան Սարգիսեան։

Վաղաժամ մահը, որ խլեց Տիրանը իր սիրելիներէն, հարազատներէն ու յատկապէս թատերական շրջանակներէն՝ հետեւանք էր կարճատեւ եւ անողոք հիւանդութեան։

Առաւելապէս, որպէս թատերական գործիչ, դերասան ու նաեւ կազմակերպիչ ճանչցուած Տիրան սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն էր լիբանանահայ բոլոր շրջանակներուն կողմէ։

Այս անժամանակ կորուստին առընթեր մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն, ՀԲԸՄ-ի թատերական մարմիններու եւ անշուշտ լիբանանահայ թատրոնի բոլոր անդամներուն, որոնք կորսնցուցին իսկական նուիրեալ մը, թատրոնի «խենթ» մը եւ լիբանանահայ գաղութին համար պայքարող անհատականութիւն մը։

Ստորեւ հակիրճ տողերով կը ներկայացնենք հանգուցեալի գործունէութեան եւ անցած ճանապարհին մասին։

 Վաստակաւոր դերասան Տիրան Սարգիսեանը, բազմաթիւ դերերով բեմ ելած է ու գնահատուած է մամուլին եւ մտաւորական դասակարգին կողմէ: Յատկապէս 2006-էն 2024 թուականներուն, կարեւոր դերերով հանդէս կու գայ՝ ԹՄՄ-ի «Ե. Օտեան» թատերախումբին ներկայացուցած փիէսներուն մէջ (հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Վաչէ Ատրունիի):

 

 

 

 

 Լիբանանահայ  բեմադրիչ՝ Յարութ  Գնդունի կը գրէ ՝

 

 Վկայութիւններ՝  Տիրան Սարգիսեանի մասին

    «Ծաղիկ» թերթը (խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեան), 18 մայիս 2006-ի թիւին մէջ ԴԱՓՆԻ ստորագրութեամբ կը գրէ. «Բեմի վաստակաւորներ Տիրան եւ Պեթի Սարգիսեանները ամրակալեցին իրենց ծիծաղաշարժ տիրութիւնը բեմահարթակին վրայ, անգամ մը եւս ապացուցելով իրենց տաղանդը տարբեր կերպարներու մէջ ալ, հանդիսանալով «արդիաշունչ շաղախը»:

    «Փայտոջիլներու Պահարանը»

    *2015 թ.ին «Ազդակ» օրաթերթի 23 Յունիսի թիւին մէջ, Հրաչ Պարսումեան կը վկայէ. «Տիրան Սարգիսեան մեծ վարպետութեամբ մարմնաւորեց քննիչին տրամադրութեան բոլոր երանգները»: («Գարնան երեք օրերը»)

    Տիրանը վաստակ ունեցող դերասան-արուեստագէտ մըն էր: Լիբանանահայ թատրոնը տաղանդաւոր դերասան մըն ալ կորսնցուց...

    Աստուած հոգին լուսաւորէ: 

 

 Այս առթիւ Պէյրութի  ՀԲԸՄ-ի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հրապարակած է հակիրճ  մահագրութիւն մը մասնաւորապէս գրելով՝ 

«ՀԲԸՄ-ի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը  խոր վիշտով կը գուժէ մահը լիբանանահայ արուեստագէտ, դերասան Տիրան Սարգիսեանին։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Տիրանին ընտանեկան պարագաներուն եւ լիբանանահայ բեմի ընկերներուն։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ Տիրան, լիբանանահայ բեմը սուգի մատնեցիր. քեզ միշտ պիտի յիշենք»։