image

Մարդկութիւնը մեռած չէ…

   Մարդկութիւնը մեռած չէ…

Կ՚ըսեն թէ մարդկութիւնը մեռած է...: Ես կրնամ հաստատել, որ ո՛չ: 

Քիչ առաջ դիմատետրիս վրայ անձնական պատգամ մը ստացայ, որ սիրտս պայթելու չափ ե՛ւ ուրախացուց ե՛ւ յուզեց։ 

Պատգամին տէրը՝ Աննա անունով Փորթուկալցի աղջիկ մըն է, որուն հանդիպած էի Յունուար 2016- ին Սիտնիյէն դէպի Տուպայ  թռիչքիս ընթացքին: Երկար թռիչք մըն էր եւ կողքս նստած Աննային հետ  բաւական երկար զրուցեցինք: Կ՚արժէ օր մը գրեմ մեր զրոյցին բովանդակութիւնը...: 

Չորս  տարի առաջ՝ Օգոստոս 2020-ին, երբ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատահեցաւ, Աննան առաջին անձն էր, որ կապուեցաւ հետս։ Ողջ- առողջ ըլլալս հաստատելէ ետք տանս նորոգութեան համար նիւթական օժանդակութիւն առաջարկեց, որը խստօրէն մերժեցի։ Արդար ըլլամ ըսելու, որ այլ բարեկամներ ալ հարցուցին որպիսութիւնս…, որոնց նոյնպէս հազար շնորհակալութիւն յայտնեցի։ 

Այսօր՝ չորս տարի ետք, անգամ մը եւս Աննան հետս կապուեցաւ ստուգելու համար ողջ ու առողջ ըլլալս: Աննան գիտէ, որ ես Լիբանանցի եմ …։ Չէք պատկերացներ Աննային ուրախութիւնը, երբ իմացաւ թէ Պէյրութէն դուրս կը գտնուիմ, բայց նոյնքան ցաւ յայտնեց գեղեցիկ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին համար եւ մաղթեց, որ Պէյրութի մէջ ընտանիքս եւ բարեկամներս ապահով մնան։

Եթէ Շահան Շահնուր լսէր Աննային խօսքերը, ապա պիտի ըսէր. «Պճեղ մը անուշ սրտիկ»։

Այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի Լիբանանն ու Լիբանանցիք մեր աղօթքներուն կողքին, անհրաժեշտութիւնը ունին կարեկցանքի, հոգածութեան, օգնութեան…: Ողջ մնան «Աննա»ները։

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...