image

Աւագ Գալթաքճեանի մահը՝ Պէյրութի մէջ

 Աւագ Գալթաքճեանի  մահը՝ Պէյրութի մէջ

Պէյրութի մէջ  յառաջացեալ տարիքին իր մահկանացուն կնքած է Աւագ Գալթաքճեանը։

 

 Երկար տարիներ  ազգային կեանքին մասնակից դարձած Գալթաքճեան ծնած էր Դամասկոս եւ երկար տարիներէ ի վեր կայք հաստատած Պէյրութի մէջ։

 Աւագ Գալթաքճեան նախքան Պէյրութ փոխադրուիլը եղած է  գրատան սեփականատէր, իսկ Պէյրութ հաստատուելէն ասդին ան զբաղած է գրաշարութեամբ մասնակից դառնալով  Պէյրութի մէջ հրապարակուող զանազան պարբերականներու հրատարակման գործին (Մասնաւորապէս՝ «Կանչ», «Նայիրի» եւ այլ պարբերականներ)։

 

 Համայնավարական ընկալումներով   օժտուած Գալթաքճեանի համար  բարձրագոյն արժէքը հանդիսացած է մայր հայրենիքը եւ յաճախ նոյնիսկ տարակարծութիւն ունենալով այդ կուսակցութեան մօտեցումներուն հետ իր բոլորանուէր  ճիգերը ի գործ դրած է յանուն  Հայաստանի եւ լիբանանահայ հասարակութեան։

Ան եղած է մտերիմն ու գործակիցը  Պէյրութի մէջ  ազդեցիկ ներկայութիւն ունեցած Համայնավար կուսակցութեան  հիմնական գործիչներուն, ինչպիսիք էին Յովհաննէս Աղպաշեանը, Պարոյր Երէցեանը, Սարգիս Մատէյեանը եւ տակաւին ուրիշ շատ անուններ։

Աւագ Գալթաքճեանի թաղման արարողութիւնը տեղի կունենայ Հինգշաբթի 31 Հոկտեմբեր կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Ֆըրն Շըպաքի Ազգային գերեզմանատունը։ 

 Ցաւակցութիւնները կ՚ընդունուին եկեղեցւոյ մէջ  արարողութեան աւարտին։

 

 Աւարտին մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի  ՌԱԿ  գործիչ ՝Հրաչ Ինճէյեանին, որուն սիրելի քեռին էր հանգուցեալը ։