image

Ռուսիան հարուածային ԱԹՍ-ներ արձակած է Քիեւի ուղղութեամբ. կայ զոհ

Ռուսիան հարուածային ԱԹՍ-ներ արձակած է Քիեւի ուղղութեամբ. կայ զոհ

Այս գիշեր Ռուսիան հարուածային ԱԹՍ-ներ արձակած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի ուղղութեամբ։ Քիեւի քաղաքային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Սերկէյ Փոփքոն նշած է, որ մայրաքաղաքին մէջ օդային տագնապը տեւած է ընդհանուր առմամբ եօթուկէս ժամ։

Ուքրանիոյ իշխանութիւններու տուեալով՝ պաշտպանական ուժերը յայտնաբերած եւ վնասազերծած են մինչեւ մէկ տասնեակ ռուսական հարուածային տրոններ:

Նշուած է, որ Սոլոմենսքի շրջանի բազմաբնակարան բնակելի շէնքի մէջ վնասուած են 17-21-րդ յարկերու բնակարանները: Բնակարաններէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է, որու հետեւանքով երիտասարդ աղջիկ մահացած է։ Տուժած է 6 մարդ, որոնցմէ 1-ը տեղափոխուած է հիւանդանոց:

Ուքրանիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Պրիճիթ Պրինքը յայտարարած է, որ քաղաքացիական կառոյցներու վրայ յարձակելու համար Ռուսիան պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի:

Զապորոժիէի մարզային պետական վարչակազմի ղեկավար Իվան Ֆյոտորովն ալ յայտնած է, որ այս գիշեր Ուքրանիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող շարք մը ենթակառուցուածքային կառոյցներ վնասուած են: Անոր հաղորդագրութեան համաձայն՝ առնուազն 330 պայթում հնչած է։ Պաշտօնեան չէ յստակեցուցած, թէ որ կառոյցներու մասին է խօսքը։