Օրերս Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Թիւֆէնկեան» հիմնադրամը համալրուած է երիտասարդ նոր քատրով։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հիմնարկին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեամբ։
Նշենք, որ արմատներով՝ Մուսա Լեռցի, Թորոնթո ծնած եւ ժամանակ մըն ալ ՀՅԴ անգլիագիր օրկան «Արմինեըն ուիքլի»ին (Պոսթըն հրապարակուող)խմբագրի պաշտօն։
Արեւմտահայաստանի հանդէպ ուշագրաւ հետաքրքրութիւն ունեցող Ճամպազեան, որ որդին է գանատահայ յայտնի գործիչ ՝ Յակոբ Ճամպազեանին, նաեւ գրիչի մարդ է։ Ան տարբեր առիթներով հանդէս եկած է յօդուածներով եւ գրութիւններով եւ վերջերս ալ բանաստեղծութիւններ հրապարակած է Պէյրութ լոյս տեսնող «Բագին» ամսագրին մէջ։
Յաջողութիւն՝ Ռուբէնին։