«Turkish Airlines» օդանաւային ընկերութիւնը մարտ 11-էն պիտի գործարկէ չուերթներ դէպի Իսթանպուլ, Թուրքիա։
«Արմենիա» միջազգային օդակայաններէն կը հաղորդեն, որ Իսթանպուլ - Երեւան - Իսթանպուլ երթուղիով թռիչքները պիտի կատարուին ամէն օր, իսկ մայիս 14-էն չուերթներու յաճախականութիւնը պիտի հասնի շաբաթական 10-ի, իսկ յունիսի 15-էն՝ շաբաթական 14 չուերթի։