image

Հայազգի դերասան Սիմոն Աբգարեան պիտի մարմնաւորէ Շարլ Տը Կոլի կերպարը

Հայազգի դերասան Սիմոն Աբգարեան պիտի մարմնաւորէ  Շարլ Տը Կոլի կերպարը

Ֆրանսաբնակ հայազգի արուեստագէտ, դերասան Սիմոն Աբգարեան պիտի մարմնաւորէ Շարլ Տը Կոլի կերպարը երկու մասերէ բաղկացեալ «Տը Կոլ - Թիլթինկ Այրըն» եւ «Տը Կոլ - Տը Սովըրըն Էճ» վերնագրերով կենսագրական ֆիլմին մէջ, որ այս տարի պիտի ցուցադրուի ֆրանսական շարժապատկերի սրահներուն մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Համայնքային եռուզեռի առատութեան մէջ, լրահոսէն ակամայ դուրս մնացին մշակութային կարեւոր այլ լուրեր, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի դերասան Սիմոն Աբգարեանին։ Ֆրանսաբնակ հայազգի արուեստագէտը պիտի մարմնաւորէ Շարլ Տը Կոլի կերպարը։ Արդարեւ, առաւել քան հինգ տարիներու մշակումներէ ետք Շարլ տը Կոլի մասին ֆրանսական երկու մասերէ բաղկացեալ կենսագրական ժապաւէնը վերջապէս յառաջիկայ տարի պիտի ցուցադրուի ֆրանսական շարժապատկերի սրահներուն մէջ։

Ժապաւէնին մէջ տը Կոլի գլխաւոր դերը կը մարմնաւորէ ֆրանսահայ նշանաւոր դերասան, զանազան մրցանակներու դափնեկիր՝ Սիմոն Աբգարեան։ Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ՝ Պընուա Մաժիմել, Մաթիու Քասովից, Նիլզ Շնայտըր, Քարիմ Լըքլուն, Ֆլորիան Լեզիէ եւ Անա Մարիա Պարթոլոմէ։

«Փաթք» շարժանկարի ընկերութիւնը ներկայացուցած է առաջին պատկերները եւ կարճ տեսերիզները՝ այս ժապաւէնը համարելով ցարդ իրագործած իր ամէնէն յաջողած նախագիծներէն մէկը։

«Տը Կոլ - Թիլթինկ Այրըն» եւ «Տը Կոլ - Տը Սովըրըն Էճ» վերնագրերով ժապաւէններուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ, 10 Յունիս եւ 3 Յուլիս 2026-ին։ Ժապաւէնները ակնդիրները կը տանին Համաշխարհային Բ. պատերազմի վճռորոշ պահերը՝ զօրավար տը Կոլի եւ աչքերով անոնց, որոնք մերժեցին յանձնուիլ, երբ Ֆրանսա փուլ կու գար։ Նիւթը կը սկսի Յունիս 1940-ին. Ֆրանսա կը յանձնուի, զինադադար կը կնքուի, եւ այդ օրերուն ոչ շատ յայտնի զօրավար տը Կոլ կը փախչի Լոնտոն՝ մէկ անսասան միտքով, թէ րանսայի համար պայքարը տակաւին չէ աւարտած։ Ժապաւէնը նաեւ կ'ուսումնասիրէ Տը Կոլի բարդ յարաբերութիւնները Ուինսթըն Չըրչըլի հետ, որուն դերը ստանձնած է Սայմըն Ռասըլ Պիլ։

Բեմադրիչ Անթոնեն Պոտրի, որ նախկին դիւանագէտ է, ոգեշնչուած է իր անձնական փորձառութենէն։ «Ես յաճախ կը մտածեմ, թէ ինչպիսի մարդ պէտք է ըլլալ, որ 1940-ին հրաժարի յանձնուելէ՝ սեփական կառավարութեան չենթարկուելով եւ իր կեանքը Ֆրանսային նուիրելով։ Այսպիսի մարդիկ հազուադէպ գոյութիւն կ'ունենան։ Ես այնքան հետաքրքրուած էի անոնցմով, որ որոշեցի նկարահանել ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու ժապաւէն», յայտնեց Պոտրի։