Օրերս Պէյրութի մէջ եւ ներկայութեամբ «Ճինիշեան հիմնարկ»ի պատասխանատուներուն սարքուած է սիրոյ սեղան մը, որուն ներկայութիւն եղած են հիմնարկի աշխատակիցներն ու նոյն հիմնարկի ընկերային բարգաւաճման ծրագիրներու շահառուները։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2026-ին Ճինիշեան Հիմնարկի Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագիրներու մասնակիցները իրենց ընտանիքներով ապրեցան ջերմ եւ յիշարժան երեկոյ մը՝ լեցուն ուրախութեամբ, սիրով եւ խնդութեամբ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուած։
Բացման խօսքը արտասանեց հիմնարկի Բարգաւաճման Ծրագիրներու Համադրող եւ Ընկերային Ծառայող՝ Ճեսիքա Պեժին, բարի գալուստ մաղթելով բոլորին։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ երեկոն առաւել եւս իմաստաւորուեցաւ Ճինիշեան Հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն` Էլիզա Մինասեանի եւ Հայաստանի Ճինիշեանի գրասենեակի տնօրէն` Արմէն Յակոբեանի ներկայութեամբ։ Ապա, հրաւիրեց Լիբանանի Հիմնարկի տնօրէն՝ Քրիսթին Դանիէլեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու, որը անդրադարձաւ սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի եւ ընտանեկան համերաշխութեան կարեւորութեան մասին՝ խաղաղ եւ առողջ ընտանեկան մթնոլորտ ստեղծելու որպէս հիմնական արժէքներ։
Տիկին Էլիզա Մինասեան արտայայտեց իր ուրախութիւնը Ճինիշեան հիմնարկի մեծ ընտանիքին հետ այս ջերմ մթնոլորտին մէջ գտնուելուն համար՝ գնահատելով միասնականութիւնը եւ փոխադարձ աջակցութիւնը։
Երեկոն ճոխացուց սիրուած երգիչ՝ Սերժիօ Ահարոնեանը, ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի եւ ձայնի հաղորդավար՝ Դաւիթ Օհաննէսեանի։
Սիրոյ սեղանը պատրաստուած էր Ճինիշեան Հիմնարկի Համայնքային Խոհանոցին մէջ, գլխաւորութեամբ՝ Խոհարար Վիգէն Ճինիշեանի։



