Միջուկային ոլորտի մէջ Ռուսիոյ փորձառութիւնն աւելի մեծ է, քան Միացեալ Նահանգներունը, իսկ ծառայութիւններու արժէքը՝ աւելի ցած։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը՝ խօսելով Երեւանի եւ Ուաշինկթընի աթոմային նախագիծերու մասին։ Այս մասին հաղորդած է «Սփութնիք Արմենիա»ն:
«Ինչ կը վերաբերի աթոմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխգործակցութեան, այնտեղ կան հին խորհրդային կառոյցներ, որոնք, ի հարկէ, խորհրդային եւ ռուսական նախագծումներ են։ Այստեղ Ռուսիան, անկասկած, աւելի մեծ փորձառութիւն ունի եւ օժտուած է աւելի բարձր մրցունակութեամբ»,– նշած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։
Անոր խօսքով՝ աթոմային ոլորտին մէջ աշխարհի ամենաառաջադէմ երկիրը ըլլալով՝ Ռուսիան կրնայ դիմակայել միջազգային մրցակցութեան ամենաբարձր մակարդակին, եթէ նման մրցակցութիւնը պահանջարկ ունենայ գործընկերներու կողմէ։
«Ռուսիան կրնայ աւելի քիչ գումարով ապահովել աւելի բարձր որակ՝ երկար տարիներու համար»,– ըսած է Փեսքովը։