Ռուսիոյ շահերուն վնասելը չէ եղած, չկայ եւ պիտի չըլլայ մեր օրակարգին մէջ, որեւէ մէկը մեզ չի կրնար ներքաշել Ռուսիոյ դէմ գործելու տրամաբանութեան մէջ: Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն։
«Մենք բոլոր տեղերում, մեր բոլոր գործընկերների հետ կիսում ենք հետեւեալ միտքը, որ Ռուսաստանի շահերին վնասելը չի եղել, չկայ եւ չի լինելու մեր օրակարգում, դա բացառուած է, որեւէ մէկը մեզ չի կարող, եթէ նոյնիսկ փորձի, մինչեւ հիմա փորձեր չեն էլ արել, բայց որեւէ մէկը մեզ չի կարող ներքաշել Ռուսաստանի դէմ գործելու տրամաբանութեան մէջ։ Եւ նաեւ մենք ռուսաստանցի մեր գործընկերներին ենք ասում՝ գիտէք՝ մենք չենք կռուելու ձեզ հետ, մենք չենք վիճելու ձեզ հետ, մենք ձեզ հետ լեզուակռուի մէջ չենք մտնելու, որովհետեւ մենք գնահատում ենք այն յարաբերութիւնները, որը մենք ունենք»,- ըսած է Փաշինեանը։
Ըստ վարչապետի՝ անձնական յարաբերութիւններու մակարդակը նոյնպէս պակաս կարեւոր չէ այս պարունակին մէջ: Փաշինեանը վստահեցուցած է, որ ինքը շատ ջերմ եւ ուղիղ յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայել Միշուսթինի հետ:
«Սա մեր ռազմավարութիւնն է, մենք չենք գործելու Ռուսաստանի դէմ, բայց մենք միշտ գործելու ենք յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան շահի»,- ըսած է Փաշինեանը։
Անդրադառնալով օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթին եւ ատկէ ետք ռուսաստանցի գործընկերներու մօտ առաջացած հարցերուն՝ Փաշինեանը նշած է, որ հայկական կողմը պատրաստակամ է բաց խօսակցութեան։ Ըստ վարչապետի՝ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած է բովանդակութիւն մը, որ նախապէս առաջարկուած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան։
«Մենք հինգ բառ ենք ուզել ընդամէնը. այդ բառերն են՝ տարածքային ամբողջականութիւն, ինքնիշխանութիւն, իրաւազօրութիւն, փոխադարձութիւն, սահմանների անխախտելիութիւն։ Մենք ասել ենք՝ դրէք այս հինգ բառը թղթի մէջ եւ ես ցանկացած պահի պատրաստ եմ այդ թուղթը ստորագրել»,-ըսած է Փաշինեանը։