image
Հրատապ լուրեր:

«Հայր Եղիան քար առ քառ կառուցեց եւ եկեղեցին եւ համայնքը». Գերյ. Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանի դամբանական խօսքը

«Հայր Եղիան քար առ քառ կառուցեց եւ եկեղեցին եւ համայնքը». Գերյ. Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանի դամբանական խօսքը

Օրերս, Թորոնթոյի մէջ, տեղի ունեցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի յուղարկաւորութիւնը:

Յուղարկաւորութեան նախորդած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որ մատուցած է Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերյ. Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան։ 

Գերապայծառը այս առթիւ ալ հանդէս եկած է դամբանական խօսքով։

Ստորեւ` «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Գերապայծառ հօր յուզիչ եւ իմաստալից սրտի խօսքը։ 

«Սիրելի հաւատացեալներ,

այս հանդիսաւոր պահուն քիչ առաջլսեցինք հոգեշնորհ հայրերու, Վերապատուելիին եւ Թորոնթոհայ համայնքի աշխարհական ներկայացուցիչներուն խօսքերը, որոնք շատ գեղեցիկ ձեւով դրուատեցին հայր օրերս վախճանած եւ մեզի բոլորիս սիրելի Հայ Եղիան եւ ներկայացուցին անոր բազմաթիւ առաքինութիւնները, վեր առնելով երկար տարիներու տքնաջան ու անխոնջ ծառայութիւնը որպէս բարի հովիւ հսկող իր հօտին, բծախնդրութեամբ կազմակերպելով համայնքային հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կեանքը։ Հայ Եղիան 53 տարիներ շարունակ ծրագրելով եւ քար առ քար կառուցելով այս գեղեցիկ եւ կոթողային համալիրը, որպէս ժողովրդապետական շքեղ կեդրոն: Բոլորին սրտագին շնորհակալութիւններս թէ՛ իմ անունովս եւ թէ՛ տէր Հայկի անունով եւ թէ՛ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն անունով ինչպէս նաեւ թեմիս բոլոր կղերի անունով: 

Այս բոլոր ըսուածները շատ ճիշդ են եւ դեռ բազմաթիւ դրուագներ անցած են Թորոնթոյի հայութեան պատմութեան էջերուն մէջ, որոնց հերոսը եւ հեղինակը ինք հայր Եղիան է: 

Սիրելի հաւատացեալներ, վստահ եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը անհատապէս ունի հանդիպումներ եւ յիշատակներ հանգուցեալ հայր սուրբին հետ, որոնք ջերմօրէն կը կրէք ձեր սրտերուն մէջ, եւ կարգ մը պարագաներուն ձեր կեանքին մէջ յեղաշրջում բերած է եւ քաջալերած յառաջ երթալու:

Այս բոլորէն վեր կ'ուզեմ այսօր հայր Եղիային տալ մեր վերջին եղբայրական ողջոյնը այս վաղանցիկ աշխարհին մէջ, մեծ յոյսով, որ կրկին պիտի հանդիպինք յաւիտենականութեան մէջ: Կ'ուզեմ իր անունով անգամ մը եւս շեշտել եւ փոխանցել ձեզի իր մեծագոյն կտակը, եւ այդ կտակը ինք խորանին վրայ գրել տուաւ «Յիսուս Քրիստոս երէկ, այսօր եւ միշտ յաւիտեան»: Յիսուսն է, որ մղեց պատանի Եղիան անդամ դառնալու Զմմառու Արծիւեան Պատրիարքական կղերի միաբանութեան, տարիներով պատրաստուելու, օծուելու կուսակրօն վարդապետ, նետուելու առաքելութեան ասպարէզին մէջ, նախ Լիբանան դաստիարակելով ապագայ սերունդներ, որոնցմէ է մեր Կաթողիկոս Պատրիարքը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ը եւ ուրիշ շատեր, ապա մեկնելով Թորոնթօ: Յաճախ երբ կ'այցելէի ժողովրդապետութիւնը որպէս առաջնորդ, անշուշտ կ'ունենայինք ժողովուրդին եւ հաւատացեալներուն հետ հանդիպումներ, եւ երբ յոգնէինք, կողմնակի կը քաշէր զիս ու կ'ըսէր «Գերապայծառ happy hour ունինք մի մտահոգուիր», երբ առաջին անգամ ըսաւ happy hour, ես Ամերիկա նոր եկած էի happy hour-ը happy hour էր: Երբ երեկոյ եղաւ ու նստեցանք իր յարկաբաժինին մէջ, յուզիչ էր ինծի համար, որ happy hour-ը պաղպաղակ մը ճաշակելն էր, իր «չսիրած բանը», եւ ըսաւ «թող այս պաղպաղակը ինչպէս որ կը զովացնէ մեր սրտերը եւ ստամոքսը զովացնէ նամանաւանդ Քրիստոսի խօսքով մեր սրտերը, հոգիները եւ միտքը»:

Հայր Եղիան, այս գիրերը, որոնք կը կտակէ այսօր մեզմէ ամէն մէկուն, որ գրել տուած է խորանին վրայ, կը գտնէ յաւիտենականութեան մէջ, որովհետեւ այսօր, ինք երես առ երես կը հանդիպի Քրիստոսի, որուն սիրեց, նուիրուեցաւ, ծառայեց եւ ուրիշներ առաջնորդեց դէպի յաւիտենական մեր Աստուածը՝ Յիսուս Քրիստոս: Այսօր այդ նոյն խօսքերը կ'ուղղեմ ձեզմէ ամէն մէկուն, թորոնթոհայութիւն, սիրեցէ՛ք Քրիստոսը, Ինք թող ըլլայ կեդրոնը ձեր կեանքին, Ինք թող ըլլայ ուղին, որուն կը հետեւիք, ամէն բան այս աշխարհին մէջ վաղանցիկ է, միակ անձը, ոչ թէ բանը, որ յաւիտենական է եւ որ կը պարգեւէ յաւիտենական կեանքը Յիսուս Քրիստոսն է, իրեն հետեւեցէք, որովհետեւ Ինքն է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը, Ինքն է յարութիւնը, եւ այդ յարութիւնը խոստացած է մեզմէ ամէն մէկուն, Յիսուս կ'ըսէ,- «Ան որ իր խաչը կ'առնէ եւ ինծի կը հետեւի պիտի փրկուի», պիտի հասնի յաւիտենական երջանկութեան եւ ինչ է մեր պայքարը այս աշխարհին մէջ, ամէնքս կը դիմենք երջանկութեան, բայց չվազենք վաղանցիկ երջանկութեան ետեւէն, ինչպէս մեծն Արտաշէսը իր մահուան պահուն ըսաւ «Աւաղ, փառացս անցաւորի»: Ապարդիւն է, Յիսուս կ'ըսէ կ'ուզէք պալատներ շինեցէք, կ'ուզէք գանձեր կուտակեցէք այս աշխարհի վրայ, ցեցը կ'ուտէ, բայց եթէ յաւիտենականութեան մէջ գանձեր կուտակէք ոչ գող կը մտնէ եւ ոչ ցեցը կը փճացնէ, հոն է մեր հարստութիւնը, հոն է մեր հաւատքի զօրութիւնը, եւ ճիշդ այս հաւատքն է, որով ապրեցաւ եւ որուն վկան եղաւ 64 տարիներ շարունակ հայր Եղիա Գիրէջեանը, եւ ես այսօր վստահ եմ, այո, մեր սրտերուն մէջ տխրութիւն կայ, յուզում կ'ապրինք, որ մեր սիրելի եղբայրը ժամանակաւոր կերպով մեզմէ կը հեռանայ, բայց վստահ եմ, որ ձեզմէ ամէն մէկուն սրտին անկիւնը երջանկութիւն մը կայ, որ այսօր բարեխօս մը եւս ունիք երկնքի արքայութեան մէջ, որ կը հսկէ ձեզմէ ամէն մէկուն, եւ կը բարեխօսէ, որպէսզի նոյն ճամբուն հետեւիք եւ հասնիք իրեն նման յաւիտենական երջանկութեան: 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ մեզ բոլորս մխիթարէ իրեն հաւատքով, մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, յաւիտեան ամէն»: