Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ բացառած, որ ռազմանաւեր պիտի ուղարկէ Մերձաւոր Արեւելք՝ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու, եթէ Ուաշինկթընի եւ Իրանի միջեւ միջուկային համաձայնագրին վերաբերեալ բանակցութիւնները ձախողին։
«Այնտեղ կ՚ուղուի մէկ նաւախումբ, եւ հաւանաբար նաեւ՝ երկրորդ մը»,– ըսած է Թրամփ՝ աւելցնելով, որ կը մտածէ Իրանի ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու երկրորդ հարուածային խումբ մը ուղարկելու մասին։
Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը միաժամանակ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները կը ձգտի մօտ ժամանակին համաձայնութեան հասնիլ Իրանի հետ։
«Հակառակ պարագային Սպիտակ տունը ստիպուած պիտի ըլլայ դիմելու շատ կոշտ միջոցներու»,– զգուշացուցած է ան։ Ըստ Թրամփի՝ Թեհրանը այժմ «աւելի մեծ ճկունութիւն» կը ցուցաբերէ, քան 2025-ի ամրան՝ Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ 12-օրեայ ռազմական սրացման նախօրեակին։
Իրանի իշխանութիւնները կոչ ուղղած են Թրամփին՝ հրաժարելու սպառնալիքներէն։