«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը տեղեակ են [հաղորդակցութիւններու] վերաբերեալ Իրանի մտահոգութիւններուն եւ դիրքորոշման մասին, եւ յոյսով եմ, որ որեւէ որոշման պարագային ատոնք հաշուի պիտի առնուին», – յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Էսմայիլ Պաղային՝ մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի պաշտօնական այցը Հայաստան եւ Ատրպէյճան։
Իրանցի պաշտօնեան մամլոյ ասուլիսին պատասխանելով լրագրողի հարցին՝ նշած է, որ Իրանի նկատառումները Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին յայտնի են՝ անկախ անկէ թէ ով, եւ երբ կ՚այցելէ [այդ երկիրներ]։
«Հարաւային Կովկասի հարցով մեր դիրքորոշումը յստակ է։ Մենք, աջակցելով տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ հաղորդկացային ուղիներու զարգացման, մշտապէս ընդգծած ենք, որ մեր տեսանկիւնէն որեւէ նախաձեռնութիւն, որ ինչ որ չափով կը վնասէ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական կամ աշխարհագրական սահմանները՝ անընդունելի է, եւ այն չի նպաստեր տարածաշրջանի անվտանգութեան», –յայտարարած է Էսմայիլ Պաղային։
2025-ի օգոստոս 8-ին ամերիկեան յարկի տակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւններէն անմիջապէս ետք Իրանը նախագահի ու արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով «միջանցք»ի հարցը վերջնականապէս փակուած համարեց՝ յայտարարելով Թեհրանի մտահոգութիւնները նկատի առնելու մասին։ Սակայն, հետագայ գործընթացներուն մէջ Իրանը շարունակած է մտահոգութիւն յայտնել TRIPP-ի վերաբերեալ, իսկ որոշ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ այն «Զանգեզուրի միջանցք»ի հետ համեմատած։
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը պաշտօնական այցով տարածաշրջան այցի ընթացքին փետրուար 9-10-ը եղած է Երեւան, իսկ 10-11-ին՝ Պաքու։