«Արեւելք»ին յղուած հաղորդագրութիւնէն վերահասու կը դառնանք՝
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ անսասան հաւատքով, ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ մեր Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին։
Մենք լիակատար համոզում եւ վստահութիւն ունինք մեր Առաջնորդ Սրբազան հօր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատարմութեան եւ այն հոգեւոր ոգիին, որով ան մօտեցած է Եկեղեցւոյ մէջ ծագած ներկայ իրավիճակին։ Մեր Առաջնորդի խնամակալութեան եւ առաջնորդութեան շնորհիւ, մեր թեմի եկեղեցիներն ու համայնքները վերջին երկու տասնամեակներուն ընդարձակուած եւ ծաղկած են, իսկ հաւատացեալներու կեանքը հարստացած է իրենց քրիստոնէական հաւատքով եւ հայկական ժառանգութեամբ։
Մեր Եկեղեցւոյ ուժը հիմնուած է հոգեւոր իշխանութեան եւ եկեղեցական կարգապահութեան միջեւ առողջ հաւասարակշռութեան պահպանման վրայ։ Մենք վճռական ենք պահպանելու այդ հաւասարակշռութիւնը եւ առաջ մղելու Հայց. Եկեղեցւոյ քրիստոնէական առաքելութիւնը Ամերիկայի Արեւմտեան Նահանգներուն մէջ։ Մեր աղօթքն է, որ Եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը լուծուին Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած քրիստոնէական եղբայրասիրութեան ոգիով։