image

Պէյրութ. Լոյս տեսած են «Ռուբէնի Յուշեր»ու եւ հատորակները (Լուսանկար)

 Պէյրութ. Լոյս տեսած են «Ռուբէնի Յուշեր»ու եւ հատորակները (Լուսանկար)

Օրերս Պէյրութի մէջ հրապարակուած են ՀՅԴ անզուգական գործիչ՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանի (Ռուբէն Փաշա) հեղինակած «Հայ յեղափոխականի մը յուշեր»ը հատորեայ աշխատասիրութեան 6-րդ եւ 7-րդ հատորակները։

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ լիբանանահայ հրատարակիչ՝ Սագօ Գասապեանի կատարած գրառումէն։

Ստորեւ գրառումը՝

«Ռուբէն» Մատենաշարի խմբագրութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ լոյս տեսած է «Ռուբէնի Յուշեր» շարքին ՎԵՑԵՐՈՐԴ եւ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ հատորակները։

Նոր ոճով՝ գրպանի գիրքերու տեսքով, այս հրատարակութիւնը կը ներկայացուի շարքով՝ իրերայաջորդ շարունակական հատորներով:

Փափաքողները իրենց օրինակները կրնան ապահովել դիմելով դիմատետրի «Roupen Madenashar» էջին, եւ roupenihoushere2023@hotmail.com հասցէին: