1.Կեդրոնում
Արեւելահայերէնը կը շարունակէ հալածել «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը. ատենէ մը ի վեր խնդրոյ առարկան արեւելահայերէնի «կեդրունում» ներգոյականն է, որուն, ահա քանիերոդ անգամ ըլլալով, այստեղ կը տրուի «կեդրոնին մէջ» թարգմանութիւնը.
« Մէկը քաղաքին կեդրոնին մէջ ...թքնած է» (19/4/23, էջ 8):
Արեւելահայերէնի ներգոյական հոլովը անպայման եւ ամէն տեղ մէջ-ով չի թարգմա-նուիր, այլ կը թարգմանուի... ամէն բանէ առաջ բանականութեամբ, որուն դիմելու առթիւ ան կը թելադրէ ճիշդ ձեւը, որ այս պարագային պարզապէս հայցական հոլովն է՝ կեդրոնը:
Իսք թքնած դերբայ չունի հայերէնը՝ արեւելահայերէնը թէ արեւմտահայերէնը, սակայն զայն ունի «Արմէնպրես»-ը, ինչպէս նաեւ զայն կուրօրէն ընդօրինակողը:
Պէտք է ըլլայ թքած:
Այս բային անորոշը երկձեւ է արեւմտահայերէնի մէջ՝ թքնել եւ թքել,− նախընտրաբար վերջինը,− որոնց երկուքն ալ միօրինակ կու տան թքած:
Ուրեմն՝ « Մէկը քաղաքին կեդրոնը... թքած է»:
* *
*
Նոյն տեղը կը կարդանք.
«Ներքին բախումները ի շահ Սուտանի չէ» (էջ 1):
Բախումները յոգնակի ենթական կը պահանջէ յոգնակի ստորոգիչ՝ չեն, եւ ոչ թէ... չէ:
Կարգ մը աշխարհագրական անուններ յոգնակի կը ձեւացնեն, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներ, Սեյշելեան Կղզիներ, Ֆիլիփեաններ ... ասոնք քերականօրէն եզակի կը նկատուին, քանի մէկական պետութեան անուն են.
--Միացեալ Նահանգներ պիտի օժանդակէ:
--Սեյշելեան Կղզիները դիմեց ՄԱԿ-ին:
--Ֆիլիփեանները կը բանակցի Ճափոնի հետ:
Սա եւս ըսեմ, որ այս վերջին պարագային կայ միջազգային երկփեղկում մը. ամերիկեանը, որ եզակի կը նկատէ ասոնք, եւ ֆրանսականը, որ յոգնակի կը նկատէ: Աւանդակնօրէն եւ ընդհանրապէս մենք աւելի մօտ եղած ենք ֆրանսականին, սակայն երկրանուններու պարագային հակած ենք ամերիկեանին կողմը. այսինքն՝ եզակի կը դաւանինք զանոնք:
* *
*
−Խաֆանիդ բան մը մտա՞ւ,− հարց կու տար մեր հայոց լեզուի գեղջուկ ուսուցիչը քերականական կանոն մը բացատրելէ ետք:− Բան մը հասկցա՞ք:
−Այո՜, պարոն, ամէն բան հասկցանք,− Յովհաննէս Մանանեանը կ’ըլլար այսպէս պատասխանողը, ճիշդ ան, որ ոչինչ կը հասկնար առհասարակ:
−Ամէն անգամ այսպէս կ’ըսէք, եւ հակառակը կը պատահի:
Եւ որովհետեւ ուրիշ ձայն ալ չէր լսուեր, կէս-գոհունակ կը հաւաքուէր ու կ’երթար՝ յաջորդ պահուն նկատելու համար, որ... հասկցող չէ եղած:
Ինչպ՞էս հասկնայինք: Քերակաութիւնն ալ հասկնալիք բա՞ն էր...
Աստուած հոգին լուսաւորէ, ճիշդ ինչպէս ինք կը փորձէր լուսաւորել մեր խաւար ուղեղները, որոնք կը յամառէին չլուսաւորուիլ:
Ա՜խ, ողջ ըլլար ալ՝ ձեռքերը լուայինք եւ ջուրը խմէինք:
Որքա՜ն յոգնեցաւ մեզի համար:
2.Յանցանք
Մեր մամուլին մէջ շատ սովորական է հանդիպիլ յանցանք բառի սապիսի կիրարկութեան. «Ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են հինգ լիբանանցիներ, որոնք Տահեշի բջիջ մը կազմելու յանցանքով կասկածուած են»:
Ուրեմն կ’ենթադրուի միայն (կասկածուած են), թէ հինգ հոգի մտադրած են Տահեշի բջիջ մը կազմել: Լաւ հասկնանք, տակաւին ամէն ինչ կասկածի մակարդակին է, որ կը պահանջէ հարցաքննութիւն, ստուգում, դատ ու դատավարութիւն եւ... հաստատում, մինչ ասոնցմէ ոչ մէկը տեղի ունեցած է, իսկ յօդուածագիրը ինչ-որ տեղ մը յանցանք կը տեսնէ... իր պղտոր ակնոցով, որովհետեւ հայերէն չի գիտեր:
Ի՞նչ ըսել է... «յանցանք»:
Անշուշտ առաջին հայ լրագրողը, ըսել կ’ուզեմ՝ որեւէ արեւմտահայ պիտի պատասխանէր՝ այդ ալ հարցնելիք բա՞ն է, մենք մանկապարտէզի մանո՞ւկ ենք:
Ես գիտեմ, որ տեղ մը չափահաս էք, իսկ դուք չէք գիտեր, թէ ուրիշ տեղ մը՝ մանուկ էք:
Հայոց լեզուն է ան:
Յանցանք-ը ինչ-որ ամբաստանութեան մը թիրախ դարձած արարք մըն է, որ քննելի է պետականօրէն իրաւասու մարմինի մը կողմէ, որ դատակազմն է: Այս կազմը միայն յետ քննութեան իրաւասու է գնահատելու տուեալ արարքը եւ վճռելու անոր որակը. այդ վճիռով ենթական կրնայ արդարացուիլ կամ ալ յանցաւոր հռչակուիլ: Առանց յիշեալ կազմի բովէն անցնելու՝ որեւէ արարք յանցանք չի կրնար կոչուիլ:
Շատ պատահած է, որ նոյն արարքը, ըսենք՝ սպանութիւնը, օր մը կամ տեղ մը ոճիր, ուրեմն՝ յանցանք նկատուած ըլլայ, իսկ ուրիշ օր մը կամ տեղ մը՝ ինքնապաշտպանութիւն, եւ զայն գործողը տեղւոյն վրայ ազատ արձակուի (կարդացէք այս առիթով Զոհրապի «Զաբուղոն»- համով-հոտով պատմուածքը):
Ապահովութեան ուժերու ձերբակալած անձերը պարտինք բնրոշել այսպէս՝ «Տահէշի բջիջ մը կազմելու մեղադրանքով կասկածուած»-ներ»: Մեղադրել, կը նշանակէ արարքի մը առարկայական վերագրումը այսինչին կամ այնինչին: Դատարան հասնելով՝ դատախազը զայն կը ներկայացնէ իբրեւ ամբաստանութիւն, վասնզի ան ամբաստանող պաշտօնեան է: Որմէ ետք կը սկսի դատավարութիւնը փաստաբաններու թեր ու դէմ ելոյթներով, հուսկ ապա կը վճռուի տուեալ արարքի որակը կամ բնոյթը:
Ուրեմն յստակ զանազանենք մեղադրանքը եւ յանցանքը:
Կայ վերջապէս ... զրպարտութիւնը:
«Զրպարտութիւն» կը կոչենք գիտակից, կամաւոր ու չարամիտ վերագրումը որեւէ բացասական արարքի՝ որեւէ մէկուն՝ այս վերջինին վնասելու նպատակով:
Այս հաշուով՝ երբ լրագրող մը իր դատողութեամբ ինչ-որ յանցանք կը վերագրէ ինչ-որ մէկուն, որ դատարանէն չէ անցած,− ապա... կը զրպարտէ:
Առնուազն կը չարախօսէ:
Մրցոյթ 116.
***Ընդգծուած երեք բառերէն ո՞ր մէկը թոյլատրելի է յոգնակի կիրարկել:
---Տիրոջ շնորհով անոնք հեռաւորները կը դարձնեն մերձաւոր:
***Լրացուր հետեւեալը.
---Ես իրեն պատմեցի իմ ցաւերս, ան ինծի պատմեց իրենները:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրես հետեւեալները.
---Ժողովականները հաստատեցին, որ Հըզպալլահ իւրացուցած է Լիբանանի որոշումը:
---Ան կը հետապնդուի ֆրանսական հողերուն վրայ դրամի լուացումով:
---Անոնք կը գործակցին մարտիկները ռազմական վարժութեան պատրաստելու համար:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (4), Համո Ապտալեան(5), Գեղամ Խաչատրեան (2), Ցոլակ Ապտալեան (2), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(5), Եփրեմ Թոքճեան (7), Ալին Գարակէօզեան (6) :
Մրցոյթ 117.
***Օգոստոսին քնացողը յունուարին՝
--կը պարարտանայ --կը հաճոյանայ
--կը զղջայ --կը ձանձրանայ
***Վերաշարադասէ հետեւեալը. ոչ մէկ բառ պիտի փոխուի՝ աւելնայ կամ պակսի:
---Նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց քննարկելու պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը, որ հայրենիքի շահերուն կը ծառայէ եւ բոլորին մտավախութիւնները կը վերացնէ:
***Հետեւեալ չորսէն ո՛ր մէկը պիտի թելադրէիր ընթերցողին.
--Մեր մեղքերուն պատճառով այս եղելութիւնները տեղի կ’ունենան:
--Մեր մեղքերուն պատճառով տեղի կ’ունենան այս եղելութիւնները:
--Այս եղելութիւնները մեր մեղքերուն պատճառով տեղի կ’ունենան:
--Այս եղելութիւնները տեղի կ’ունենան մեր մեղքերուն պատճառով:
***Վերաշարադրէ հետեւեալները.
---Զինադադար կը հաստատեն քաղաքայիններու անվտանգ անցումի համար անվտանգ միջանցքներ բանալու համար:
---Այս այցելութիւնը իր դրական հետքը պիտի ձգէ շրջանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ յարաբերութեան մէջ:
Արմենակ Եղիայեան