image

Ամերիկահայ արհեստավարժ պասքեթպոլի մարզիկ Կերի Չիւիչեան պիտի մեծարուի

Ամերիկահայ արհեստավարժ պասքեթպոլի մարզիկ Կերի Չիւիչեան պիտի մեծարուի

7 Ապրիլին, ամերիկահայ արհեստավարժ պասքեթպոլի մարզիկ Կերի Չիւիչեան պիտի մեծարուի Լոս Անճելըսի «Քլիփըրզ» ակումբի «Ինթուիթ Տոմ» մարզադաշտին վրայ, «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»ին ընթացքին: Չիւիչեանը մեծարելու հանդէսը տեղի պիտի ունենայ նախքան «Քլիփըրզ»-«Մեւրիքս» մրցումը, երբ պիտի նշուին անոր իրագործումները՝ իբրեւ առաջին հայ մարզիկը «Էն.Պի.Էյ.»ի պատմութեան մէջ:

Չիւիչեան, որ 2023էն ի վեր Պէյրութի ՀՄԸՄի պասքեթպոլի խումբի մարզիկներէն մէկն է, առաջին դասակարգի համալսարանի պասքեթպոլ խաղցած է Այտըհոյի նահանգի համալսարանի խումբին հետ, ապա մաս կազմած է «Փըսիֆիք» համալսարանին, որուն խումբը կը մարզէր «Էն.Պի.Էյ.»ի նախկին աստղերէն Տէյմըն Սթատըմայըրը:

«Այն, ինչը իրագործեցի աւելի մեծ է իմ պատմութենէս: Այս օրը կը պատկանի մեր համայնքին եւ բոլոր պատանիներուն, որոնք կը դիտեն եւ պիտի դիտեն` երազելով, թէ ամէն ինչ կարելի է: Ազդանշան մը յաջորդ սերունդին, թէ կրնան աւելի լաւ ըլլալ: Ճամբան այժմ բաց է», ըսաւ Չիւիչեան:

Համալսարանի մակարդակով, 29 տարեկան Չիւիչեանի կենսագրականը տպաւորիչ է: 2015-2016 տարեշրջանին, ան ընտրուեցաւ տարուան երկրորդ լաւագոյն նորեկ մարզիկը:

Չիւիչեան Լիբանանի ՀՄԸՄին հետ մասնակցած է նաեւ միջազգային մրցաշարքերու. այդ շրջագիծին մէջ ան Տուպայի միջազգային մրցաշարքին (2024ին) մրցումի մը ընթացքին կրցաւ 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակել:

Անոր նուաճումներուն մաս կը կազմեն հետեւեալները. «Էն.Պի.Էյ.»ի առաջին հայ մարզիկը, որ ունեցած է «Էն.Պի.Էյ.»ի մէջ խաղալու իրաւունք, միակ հայ մարզիկը, որուն տարազը կը վաճառուի «Էն.Պի.Էյ.»ի կրպակին մէջ եւ ամբողջ տարեշրջան մը մաս կազմած է «Էն.Պի.Էյ.»ի «Ճի․ Լիկ»ին: