image

ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու նախաշեմին.Նաթանիահու-Ուիթքոֆ հանդիպում կայացած է

ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու նախաշեմին.Նաթանիահու-Ուիթքոֆ հանդիպում   կայացած է

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն 3 փետրուարին Երուսաղէմի մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆին. բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Իրանի հետ նախատեսուող շփումներէն առաջ։ Այս մասին կը հաղորդէ The Jerusalem Post-ը։

Նշուած է, որ ըստ Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակի հաղորդագրութեան՝ Նաթանիահուն Ուիթքոֆին ըսած է, որ «Իրանը բազմիցս ապացուցած է, որ իր խոստումներուն կարելի չէ ապաւինիլ»։

Հանդիպման ընթացքին իսրայէլեան եւ ամերիկեան կողմերը նաեւ քննարկած են Կազայի հատուածին մէջ իրավիճակի կարգաւորումը։ Նաթանիահուն շեշտած է, որ «Համաս»-ի զինաթափումը, Կազայի հատուածի ապառազմականացումը եւ Իսրայէլի «պատերազմի նպատակներու» իրագործումը պէտք է տեղի ունենան նախքան անկլաւի վերակառուցման մեկնարկը։ Իսրայէլի վարչապետը նաեւ շեշտած է, որ Պաղեստինը «պէտք չէ որեւէ կերպով ներգրաւուած ըլլայ Կազայի կառավարման գործին մէջ»։

Աւելի վաղ ամերիկեան Axios-ի թղթակից Պարաք Ռավիտը, վկայակոչելով աղբիւր մը, յայտնած էր, որ Ուաշինկթընի վարչակազմը համաձայնած է բանակցութիւններ վարել Իրանի ներկայացուցիչներու հետ Օմանի մէջ։ Խորհրդակցութիւնները նախատեսուած են փետրուար 6-ին։ Մինչ այդ կը հաղորդուէր, որ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Իսթանպուլի մէջ։