Մահաքո՜ւն ...
Այս խորագիրով ու կէտադրութեամբ օժտուած է Պօղոս Գիւբելեանի մէկ նորագոյն յօդուածը, որով բազմաքանքար հեղինակը կ'ողբայ մահը իր երկարամեակներու այնքան սրտակից ու սիրեցեալ… շնիկին:
Անոր յօդուածը խորագրուած է «Մահաքո՜ւն...», քանզի այսուհետեւ ահա վերջ գտնելու դատապարտուած են իրենց «անտառախիտ ուղիներուն միատեղ թեքերումները», քանի որ հեղինակը իր ձեռքերով պարտի բժիշկին առաջնորդել այդ տասնչորս տարի սնուցած ու փայփայած եւ հիմա զառամութեան հասած շունը, որ մահաբեր շիճուկի մը սրսկումով պիտի փչէ իր վերջին շունչը կամ,— հեղինակին յուզիչ ու պատկերաւոր բառերով,— «մահուան գիրկը ուղարկուի»:
Այս բոլորը տրուած են այնքան հարազատ, առինքնող, քնքուշ ու վարակիչ
ոճով մը, որ կը յաջողին համակել ընթերցողը եւս. սա՛ տարբերութեամբ, որ մինչ
Գիւբելեան կ’ողբայ կորուստը մի՛այն շնիկին, ընթերցողը կ’ողբայ երկու կորուստ՝
շնիկինը եւ ... հայոց լեզուինը, որուն աառաջին զոհն է մեսրոպեան դեգերումները,
որ հեղինակին յուզուած գրիչին տակ դարձած է թեքերումներ:
Եւ որուն խիտ շարքերով եւ ուս ուսի տուած կը հետեւին ուրիշները:
* * *
***Կամ ալ՝ վեր՜ջ, անտառախիտ ուղիներուն միատեղ թեքերումներու...
---Աւելորդ ու սխալ են թէ՛ բութը, թէ՛ ստորակէտը:
***Տասնըչորս տարիներու մտերիմ ընկերս...
---Տասնչորս...՝առանց ը-ի:
***Յօ երթաս ձագուկ...
Յո՝ հարցական դերանուն է, կը գրուի ո-ով, եւ պարոյկ մը կ’ուզէ վրան, իսկ ձագուկ-ը կոչական է եւ իրմէ առաջ ստորակէտ եւ վրան ալ շեշտ մը կ’ուզէ:
---Յո՞ երթաս, ձագո՛ւկ...
***Կարծես նախզգալով գալիքը...
---Հայերէնը նախզգալ(ով) բայ չունի. ունի նախազգալ(ով):
***Տան բոլոր անդամները անխտիր գիրկէ գիրկ փոխանակեցին զայն:
---Գիրկէ-գիրկ փոխանակել-ը հայերէն չէ. ոչինչ կը նշանակէ:
Պէտք է ըսել՝ գիրկէ-գիրկ փոխանցեցին. այսինքն՝ փոխնիփոխ գրկեցին զայն:
***Արձունքներուս խտութիւնը...
---Արցունքներուս...
***Զուր տեղ խնամած կենդանին...
---Զուր տեղ-ը թրքերէն է՝ boş yerine “պոշ երինէ”:
Հայերէնը կ’ըսէ՝ ի զուր խնամած կենդանին...
*** Ծերութեան մը բնական արդիւնքը չէր միայն:
Երբ կ’ակնարկենք բացասական հասկացութեան, ապա կ’ըսենք հետեւանք:
Ծերութիւնը իր հետ հետեւանքներ կը բերէ, մասնաւորաբար՝ ֆիզիքական բնոյթի:
Այստեղ կ’ակնարկուի շունին՝ ծերութեան բերումով կրած հեետեւանքներուն:
---Ծերութեան մը բնական հետեւանքը չէր միայն:
***Չմոռնանք աչքերուն գաթարախտը:
---Չմոռնանք աչքերուն ակնաքողը (cataracte):
*** Այդ ուռեցքները վէրքի կերպառանքին տակ յայտնուեցան:
՝ ---Այդ ուռեցքները վէրքի կերպարանքին տակ յայտնուեցան:
***Մահացու վառակի հետ գործ ունէին:
---վարակ...
***Հապճէպ դատողութեանս մէջ:
---հապճեպ...
***Այդ թախսալից օրը...
---Այդ թախծալից օրը...
***[Շնիկը] պատմուածքներուս խօսուն հերոսներէն մէկը դարցաւ:
---դարձաւ...
***Օրը ծոմապահութեամբ անցնել...
---Անցնել բայ չունի արեմտահայերէնը:
Ունի՝ անցնիլ, որ չէզոք է, եւ անցընել, որ ներգործական/անցողական է:
Ուրեմն՝
---Օրը ծոմապահութեամբ անցընել...
***Անհամբեր կը սպասեմ՝ սեւ գոյժին, որ հոգեկանս տակն ու վրայ կ’ընէ զիս:
Այս շարադրւթեամբ եւ... երեւակայական կէտադրութեամբ՝ այս բառակոյտը որեւէ նշանակութիւն չունի:
---Նախ կը ջնջենք բութը՝ կը սպասեմ բային վրայէն:
---Երկրորդ՝ տակն ու վրայ այլեւս անջատ չենք գրեր, այլ՝ տակնուվրայ:
---Երրորդ՝ յայտնի չէ, թէ ի՞նչն է կամ ո՞վ է տակնուվրայ ընողը եւ ի՞նչն է կամ ո՞վ է տակնուվրայ եղողը:
Արդ, տրամաբանօրէն սխալ կառոյց է « որ հոգեկանս տակն ու վրայ կ’ընէ զիս»-ը:
Ենթադրելի է, որ տակնուվրայ ընողը «սեւ գոյժն» է, իսկ տակնուվրայ եղողը՝ կա՛մ հոգեկանս, կա՛մ ես:
Ուրեմն՝ երկուքէն մէկը.
---Անհամբեր կը սպասեմ սեւ գոյժին, որ հոգեկանս տակնուվրայ կ՝ընէ զիս:
---Անհամբեր կը սպասեմ սեւ գոյժին, որ հոգեկանս տակնուվրայ կ’ընէ զիս:
***Անասնաբուժերն ալ փող պիտի վաստկին:
Երբ բարդ բառին միավանկ բաղադրիչը՝ բուժ, բայարմատ է եւ կը պահէ իր բայական նշանակութիւնը, այսինքն՝ բան մը ընող կամ բան մը եղող ցոյց կու տայ, ապա ամբողջ բարդ բառին յոգնակին կը կազմենք ներ-ով:
Ուրեմն՝
---Անասնաբուժ (անասուն բուժող) - անասնաբուժներ:
---Անասնաբուժներն ալ փող պիտի վաստկին:
Մրցոյթ 31.
***Հետեւեալին ո՞ր բառերը են, որ աւելորդ են.
---Ատիկա պիտի ըլլայ չափազանց վտանգաւոր քայլ մը, որ անկանխատեսելի վտանգներ կը պարունակէ:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը.
---Ճամբուս վրայ միշտ հանդիպած էի իրեն՝, իր նայուածքովը լափելով զիս
ա. նայուածքով մը, որ կը լափէր զիս:
բ. զիս լափող նայուածքովը:
***Հետեւեալին մէջ բառ մը սխալ կիրարկուած է. սրբագրէ՛ զայն.
--- Այսօր հայ լեզուն իր խօսակցական կամ եւ գրական տարբերակներով երեւոյթներով նահանջի մէջ է:
***Հետեւեալին մէջ սպրդած են քերականօրէն սխալ կիրարկուած բառ մը եւ երկու աւելորդ բառեր.
---Ամբոխը թշնամական թշնամաբար տրամադրուած էր, սակայն որեւէ տեսակի զէնքի գոյութիւն չնկատուեցաւ:
***Ջանա մէ՛կ բառով փոխարինել հետեւեալին ընդգծուած զոյգ բառերը.
---Մեր երկիրը իրանեան կողմին հետ կը վարէ ուղղակի եւ միջնորդուած միջնորդներու ճամբով բանակցութիւններ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (5), Զեփիւռ Աւագեան(6), Գեղամ Խաչատրեան(6), Համբարձում Յարթունեան (5,5), Եփրեմ Թոքճեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Միրնա Սիւլիւքճեան (7,5):
Մրցոյթ 32.
***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.
---Մեզ առաջնորդող երիտասարդը պտտցուց ամբողջ բերդը՝ իւրաքան-չիւր գեղեցիկ սրահի կամ սենեակի առջեւ կանգ առնելով (Սեդա Խտըշեան):
***Հետեւեալին ո՞ր բառը պիտի փափաքէիր փոխել.
---80-ամեակի նշումը կրնայ լաւ պատճառ մը ըլլալ հաւանական ժողովի մը գումարման («Ազդակ», 1/7/2025, էջ 1):
***Հետեւեալին մէջ բայ մը սխալ խոնարհուած է. սրբագրէ՛ զայն.
---Ես վստահ եմ, որ մեր հաւատացեալները ջանք պետք չէ խնայեն այդ նպատակին հասնելու համար («Հայկական ժամանակ»):
***Ինչպէ՞ս կարելի է դարմանել հետեւեալ կրկնաբանութիւնը.
---Իրաւապահները սպաննեցին երկու ազրպեյճանցի եւ ձերբակալեցին տասնեակ մը ազրպեյճանցիներ («Մարմարա», 2/7/2025):
***Ջնջէ՛ հետեւեալներուն անպէտ բառերը.
---Ազգային ժողովը վաւերացուց ՀԷՑ-ը պետականացնելու վերաբերեալ որոշումը («Հայկական ժամանակ»):
---Յանձնախումբին մաս կը կազմեն առաջին երեք դէմքերու կողմէ ներկայացուցիչներ («Ազդակ», 2/7/2025, էջ 2):
---Վարչապետը Մաքրոնին շնորհակալութիւն յայտնած է յարաբերու-թիւններու զարգացման հարցին մէջ անոր ներդրումին համար («Ազդակ», 30/6/2025, էջ 8):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com