image

Նիւ Եորք. Աստուածաշունչի միօրեայ ընթերցման ծրագիր

Նիւ Եորք. Աստուածաշունչի միօրեայ ընթերցման ծրագիր

Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին մեկնարկած է նոր նախաձեռնութեան մը, ուղղուած՝ հաւատացեալներուն մէջ աստուածաշնչական գրագիտութեան սատարման։ Արդէն եզրափակուած է նախաձեռնութեան առաջին բաժինը, որու ընթացքին կատարուած է ամէնօրեայ Աստուածաշնչեան ընթերցումներ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին եզրափակեց առաջին բաժինը նոր նախաձեռնութեան մը, որ ուղղուած է աստուածաշնչական գրագիտութեան սատարել հաւատացեալներուն մէջ։ Հակիրճ ու կարգապահ ամէնօրեայ Աստուածաշունչի ընթերցումները տեղի կ՚ունենան Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ։ Այս առաջին բաժինը նուիրուած էր Ծննդոց գիրքին, մասնակցութեամբ՝ երեսուն հոգիի, եւ ղեկավարութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմուքի վարիչ տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի։

Իւրաքանչիւր նիստին ընթերցումը կ՚ընդգրկէր նաեւ Տէրունական աղօթքը, սաղմոս մը եւ Ժամագիրքէն եզրափակիչ աղօթք մը։

Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցումը բոլոր քրիստոնեաներու ամենէն կարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է, եթէ ոչ ամենէն կարեւորը, ու այդպէս եղած է եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն ի վեր։ Ամէնօրեայ ընթերցման ծրագիրը պիտի շարունակուի։ Արձանագրութեան մանրամասնութիւններուն համար, այցելեցէք հետեւեալ կայքէջը.

https://us02web.zoom.us/meeting/register/ChNBvWFWS72mSWGNJjMENA#/registration