Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է օրերս հանգուցեալ Գառնիկ Մկրտիչեանի հոգեհանգստեան պաշտօնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, ստորեւ (յապաւուած) կը ներկայացնենք հոգեհանգստի մասին հրապարակուած թղթակցութիւնը։
Բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 6 Յունուար 2021-ին Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած ազգային գործիչ, ՀՄԸՄ-ի տարիներու Կեդր. Վարչութեան նախկին ատենապետ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի հոգւոյն, Կիրակի 10 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, ՀՄԸՄ-ական սկաուտներու տարազաւոր ներկայութեամբ:
Հոգեհագստեան պաշտօնին ներկայ էին Պատկան Մարմինի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, ՀՄԸՄ-ական շքանշանակիրներ եւ երէց եղբայրներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի Վարչութիւնը, Սկաուտ Խորհուրդը, մասնաճիւղի խմբապետը, աստիճանաւորական տարազաւոր կազմերը եւ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Ա.Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ:
Աւարտին Գերաշնորհ Սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, յայտնելով, որ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան հետեւելով Քրիստոսի լուծը քաղցրութեամբ շալկելու կոչին, հակառակ բոլոր ազգային դժուարութիւններուն՝ լաւատեսութեամբ եւ համբերութեամբ կրեց ազգային հարցերը, լսեց բոլորին, ամոքեց եւ թեթեւցուց անոնց ցաւերը եւ շինիչ լուծումներ առաջարկեց:
Սրբազան Հայրը Լիբանանի, Քուէյթի եւ Հալէպի մէջ մօտէն ճանչնալով հանգուցեալին, մատնանշեց անոր ՀՄԸՄ-ի, հայ դատի եւ ազգային կեանքի ծառայութիւնը, մասնաւորելով յատկապէս անոր աշխատանքային կազմակերպուած վարքագիծը եւ մաղթեց իրմէ օրինակ առնելով նոր սերունդի ՀՄԸՄ-ականները պատրաստել, դառնալու համար ապագայի մեր ղեկավարները:
Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ հանգուցեալի ընտանիքին, աղօթելով, որ Ամենակալը երկնքի լուսաւոր երկնակամարին մէջ հանգչեցնէ իր հոգին, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց օրուան համախմբումը:
Բիւր յարգանք եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաստակին: