image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ պիտի չմասնակցի ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման

Ալիեւ պիտի չմասնակցի ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման

Իլհամ Ալիեւը պիտի չմասնակցի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք ԱՊՀ  երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին: Այդ մասին AZERTAC պետական ​​լրատուական գործակալութեան յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը։ 

«Ալիեւ Ս. Փեթերսպուրկ պիտի չմեկնի աշխատանքային խիտ ժամանակացոյցի պատճառով»,-յայտնած է Ալիեւի աշխատակազմը։

Վարչակազմը պարզաբանած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի՝ դեկտեմբեր 21-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստին չմասնակցելու պատճառները:

«Նախագահ Իլհամ Ալիեւը պիտի չմասնակցի դեկտեմբեր 21-ին կայացած Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստին, քանի որ Ատրպէյճանը Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ չէ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք՝ դեկտեմբեր 22-ին պիտի կայանայ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: