Մարտական գործողութիւններու՝ Ֆիզուլիի եւ Ճապրայիլի հատուածին, որոնողական աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած է եւս 41 զոհուած հայ զինծառայողի աճիւն: Այս մասին «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը:
«Ընդհանուր առմամբ, մինչեւ այսօր յայտնաբերուած է 933 զինծառայողի մարմին: Այսօր որոնողական 5 խումբ աշխատանքները կը շարունակէ 3 ուղղութիւններով՝ Ճապրայիլի, Ֆիզուլիի եւ Հատրութի հատուածներուն մէջ: Որոնումներուն կը մասնակցին նաեւ անհետ կորածներու հարազատներ ու մարտական գործողութիւններու տեղանքին ծանօթ անձինք»,-մանրամասնած է Թադեւոսեանը: