15 նոյեմբերին, առեղծուածային ու ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Ժամը 13:30-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Գեղարքունիքի մարզային վարչութիւնը տեղեկութիւններ ստացած է, որ Սեւանայ լիճին մէջ՝ Գրողներու միութեան հանգստեան տան տարածքին մէջ դիակ կայ։ Այս մասին յայտնած է Shamshyan.com-ը։
Տեղւոյն վրայ պարզուած է, որ ստացուած տեղեկութիւնը հաւաստի է եւ լիճին մէջ բերանիվար յայտնաբերուած է կնոջ դիակ, որ դուրս հանուած է անվտանգ վայր։
Դէպքի փաստով Սեւանի քննչական բաժինը նախաձեռնած է քրէական վարոյթ։
Քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։
Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն, արտաքին զննութեամբ դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը պարզած են մահացողին ինքնութիւնը։
Լիճի ափին յայտնաբերուած են իրեր, որոնք հաւանաբար կը պատկանին մահացողին։