image

Դեկտեմբեր 12-ին մահացած զինծառայողի գործով մէկ անձ կալանաւորուած է․ ՔԿ

Դեկտեմբեր 12-ին մահացած զինծառայողի գործով մէկ անձ կալանաւորուած է․ ՔԿ

2025 թուականի դեկտեմբեր 12-ին զինծառայողի մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին 1 անձի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 522-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտով (զինծառայողին անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան հասցնելը):

Վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը: Այս մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէի նախագահի մամուլի խօսնակ Քիմա Ավդալեանը։

Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 12-ին՝ ժամը 16:00-ի սահմաններուն, յայտնաբերուած է զինծառայող Սմբատ Մհերի Կիրակոսեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով: