Քննչական կոմիտէն քրէական վարոյթ նախաձեռնած է զինծառայողի մահուան դէպքի առթիւ։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ դեկտեմբեր 12-ին՝ ժամը 16:00-ի սահմաններուն, յայտնաբերուած է զինծառայող Սմբատ Մհերի Կիրակոսեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով:
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ ըստ նախնական տուեալներու՝ զինծառայողն իրեն ամրակցուած զէնքով կրակոց արձակած է գլխու շրջանին, որու հետեւանքով մահացած է: