image

Երեք պայթումներ Ատէնի օդակայանին մէջ.Կան զոհեր

Երեք պայթումներ Ատէնի օդակայանին մէջ.Կան զոհեր

Քիչ  առաջ երեք  պայթումներ ցնցած են Եէմէնի  Ատէն քաղաքի օդակայանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Արապիյա» կայանէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ մինչեւ Եէմէնի կառավարութեան անդամները կը հասնէին Ատէնի օդակայան երեք պայթումներ լսելի դարձան, որուն հետեւանքով ալ զոհուեցան առնուազն  5 անձեր։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ պայթումներուն հետեւանքով գրանցուած են տասնեակ վիրաւորներ, իսկ օդակայանին շուրջ ալ լսելի դարձած են կրակոցի ձայներ։

 

 Նշենք, որ արդէն իր 5-րդ տարին բոլորող Եէմէնի տագնապը կը շարունակէ մնալ անլոյծ։

 Երկրի շիիթ դաւանանքի  Հուսի համայնքի անդամներ, որոնք դժգոհ էին   նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալէհի իշխանութիւնէն բարեփոխումներ կը պահանջեն յայտարարելով,  հիմնաւորելով, կ՚ուզեն մասնակից ըլլալ երկրի կառավարման։

 

 

 Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիոյ նեցուկը վայելող  Սանհայի կառավարութիւնը  կազմուած էր  դեկտեմբեր ամսուայ  սկիզբին վարչապետ ունենալով Մուհին Ապտըլ Մալէքը, որ այսօր  որպէս  երկրի վարչապետ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը հասնէր Ատէն։