SHAMSHYAN.com-ի տեղեկութիւններով՝ նոյեմբեր 8-ին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ։
Ժամը 12։10-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան «Զուարթնոց» օդակայանի գծային բաժին տեղեկութիւն ստացուած է, որ օդակայանէն Երեւանի 1-03 շտապօգնութիւն քաղաքացիի ուշագնացութեան կանչ ստացած են, սակայն դէպքի վայր մեկնած շտապօգնութեան 76 խումբը նշեալ քաղաքացին յայտնաբերած է մահացած:
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Երեւանի բնակիչ 56-ամեայ Վարդան Հ․-ն է, որուն ինքնազգացողութիւնը վատացած է, որմէ ետք գրանցուած է վերջինիս կենսաբանական մահը:
Արտաքին զննութեամբ դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած:
Վարդան Հ․-ն «Զուարթնոց» օդակայանի օդագնացութեան անվտանգութեան աշխատակից էր։